ԵՐԵՒԱՆ , «Ակունք».- «Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կան հայկական համայնքներ, ուր հայերը կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն, բայց հաւանաբար Թուրքիոյ հայերը կը գտնուին ամենածանրը վիճակին մէջ», կ՛ըսէ պոլսեցի գրող եւ հրապարակախօս Զէյնէլ Ապիտին Քըզըլեափրաք։
Հրապարակախօսը կը պատմէ, որ ծնած է Ատըեաման, ուր կ՛ապրին շատ հայեր։ Իր խօսքով՝ թուրք հասարակութեան եւ իշխանութեան հանդէպ ունեցած վախին պատճառով՝ անոնք չեն արտայայտեր իրենց կարծիքը։
«Ես կը հասկնամ, թէ ինչու հայերը զգուշութեամբ կը վերաբերին թուրքերուն հետ, չէ՞ որ ցաւէն բացի հայերը ուրիշ ոչինչ տեսած են անոնցմէ», կ՛ընդգծէ գրողը։
«Մեր տան մօտ այգի կար, ուր կ՛աճէր ընկոյզի մեծ ծառ։ Տեղացիները կ՛ըսէին` «արիւնոտ» ընկուզենի։ Փոքր տարիքիս, մեծ հօրս հարցուցի, թէ ինչո՞ւ «արիւնոտ» կը կոչուի։ Մեծ հայրս նայեցաւ ինծի եւ արցունքոտ աչքերով ըսաւ, թէ այդպէս կը կոչուի, «որովհետեւ ծառը ու այն ամէնը, ինչ կը տեսնես շուրջդ, հայերուն եղած է»։ Տարիներ ետք, ես գիտցայ, որ ոչ միայն ընկոյզի ծառը շաղախուած է հայերու արիւնով, այլ նաեւ` ամէն ինչ», կ՛ըսէ ան։
«Անոնք, որոնք կը գիտակցին հայ ժողովուրդին ցաւը, կ՛ամչնան։ Նոյնիսկ եթէ անոնք առնչութիւն չունին այդ սարսափելի իրադարձութիւններուն հետ, միեւնոյնն է` իրենք իրենց մեղաւոր կը համարեն, քանի որ անոնց հայրերն ու մեծ հայրերը լուռ մնացած են, սակայն այսօր՝ իրենք կը լռեն։ Իւրաքանչիւր թուրք քիչ թէ շատ մեղքի իր բաժինը ունի», կ՛եզրակացնէ Քըզըլեափրաք։