
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Փետրուար 25ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ նոյն համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած՝ Զապէլ Եսայեանի անգլերէնի թարգմանուած պատմուածներու հաւաքածոյին՝ Captive Nights: From the Bosphorus to Gallipoli-ի առցանց ներկայացումը։
Հատորը պիտի ներկայացնէ հատորին խմբագիրը՝ դոկտ. Նանօր Քեպրանեան։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կայքէջը։