
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեան տեղեկացուց, որ 14 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հեռաձայնային զրոյցը:
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ եւ երկուստեք յոյս յայտնեցին, որ Վիեննայի մէջ կայանալիք յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: