ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի եւ UNESCO World Heritage Review-ի համագործակցութեամբ, յայտնի Google Arts and Culture հարթակին վրայ ստեղծուած է եւ արդէն կը ցուցադրուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Հայաստանի 3 մշակութային արժէքներէն մէկը՝ «Էջմիածնի Մայր տաճար եւ եկեղեցիներ (Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայեանէ, Ս. Շողակաթ) եւ Զուարթնոցի տաճարի հնավայր»:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած յաւելեալ երկու մշակութային արժէքներ շուտով պիտի տեղադրուին հարթակին վրայ: