ԱԹԷՆՔ․- Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը բաց նամակ մը ուղարկեց ԵԱՀԿի մօտ Յունաստանի երեսփոխանական պատուիրակութեան անդամներուն, դատապարտելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքները Հայաստանի դէմ եւ կոչ ուղղելով ԵԱՀԿին՝ միջազգային օրէնքներուն ենթարկելու Ատրպէյճանը եւ անոր նախագահը։
Ստորեւ՝ նամակը․
«Հայաստանը եւ Արցախը թիրախ դարձնելէ ետք, Ատրպէյճանի նախագահը այս անգամ կը յարձակի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն վրայ, որոնք յանձն առած են Արցախի հիմնահարցի լուծման բանակցային գործընթացը։
12 Յունուար 2022ին, լրատուական միջոցներու տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Իլհամ Ալիեւ գոռոզութեամբ եւ արհամարհանքով յայտարարեց իր մտադրութիւնը վերջ տալու Մինսքի խումբի խաղաղասիրական ջանքերուն։
«Առաւել, ան հեգնանքով յայտարարեց, որ համանախագահող երկիրները բացակայ են եւ պարզապէս զբաղած են Խումբի կազմութեան 30ամեակի նշումի պատրաստութեամբ։ Ան աւելցուց, որ ժամանակը հասած է, որ անոնք թոշակի անցնին եւ այլեւս չզբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, որովհետեւ մէկ կողմէն ան թոյլ պիտի չտայ զբաղելու, միւս կողմէն՝ կը հաւատայ, որ Արցախի հարցը այլեւս լուծուած է Ատրպէյճանի կողմէ։
«Իլհամ Ալիեւի լրբութիւնը եւ հեգնանքը միջազգային ընտանիքին հանդէպ յառաջ կու գան վերջինի անբաւարար հակազդեցութենէն, ինչպէս նաեւ պատերազմական յանձագործութիւններու բացայայտ անպատժութենէն, զորս Ատրպէյճան կը շարունակէ գործել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։
«Իլհամ Ալիեւ կը նկատէ, որ Եւրոպայի ապահովութեան հաստատութիւնը մեծ խոչընդոտ մըն է իրեն համար։ Կը բաւէ վերյիշել, թէ ինչպէ՛ս ան 2014ին արժեզրկեց ԵԱՀԿի ներկայացուցչութիւնը Պաքուի մէջ, մերժեց անոր գործունէութեան վերանորոգումը, որ վերջապէս յանգեցաւ հաստատութեան գրասենեակի փակման։
«2015ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ան սահմանափակեց ODIHR-ի (Ժողովրդավարական կարգերու եւ մարդկային իրաւունքներու ԵԱՀԿի գրասենեակ) դիտորդներու թիւը, որուն պատճառով առկախուեցաւ ամբողջ առաքելութեան ներկայութիւնը երկրին մէջ։ Իսկ, 2017ին, իր ներկայացուցած «վէթօ»ն պատճառ դարձաւ ԵԱՀԿի Երեւանի գրասենեակի փակումին։
«Իր զարանցանքին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահը անգամ մը եւս խեղաթիւրեց պատմութիւնը եւ ներկայացուց իր սեփական երեւակայական վարկածը։ Մասնաւորաբար, դարձեալ սպառնաց, որ եթէ նկատէ որեւէ տեսակի վտանգ իր երկրին համար, անմիջապէս պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ եւ պիտի «ճզմէ» զայն։ Վտանգաւոր ընբռնումներ՝ որոնք ականահարումի կ՛ենթարկեն լուծումներ որոնելու բոլոր ջանքերը եւ որոնք նոր ու վտանգաւոր ռազմական գործողութիւններ կրնան յառաջ բերել, վերջապէս սպառնալով եւրոպական եւ տարածաշրջանային անվանգութեան վրայ։
«Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ իբրեւ յունահայ համայնքի քաղաքական ներկայացուցիչը, կ՛ողջունէ Մինսքի խումբի զօրակցութեան յայտարարութիւնը եւ կը հաւատայ, որ անիկա թէեւ ճիշդ ուղիի մը վրայ կը քալէ, այսուհանդերձ կը շարունակէ տկար ըլլալ։
«Կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿին՝
«- Կարգի կանչել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը․
«- Կանխել անոր սպառնալիքները միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումին կապակցութեամբ․
«- Մերժել ենթարկուիլ անոր յայտարարութիւններուն ընդմէջէն վախի մթնոլորտի ստեղծումին․
«- Պահանջել Ատրպէյճանէն՝ որ վերջինը իր կեցուածքը ուղղէ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ։
«Նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿին, որ, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ստիպէ Ատրպէյճանը՝ վերադառնալու Մինսքի խումբի կողմէ կատարուող բանակցութիւններու սեղանին, ընդունելով զայն իբրեւ միակ հարթակը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բարւոք լուծման համար»։