ՊԱՔՈՒ․- Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Ատրպէյճանէն Եւրոպա բնական կազի մատակարարումներու տարեկան մինչեւ 10 միլիառ խորանարդ մեթր յաւելումը: Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»ի՝ այս մասին Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերու յանձնակատար Քատրի Սիմսոն:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը «սերտ յարաբերութիւններ» ունի Ատրպէյճանի հետ, որ «ուժանիւթի վստահելի մատակարար է»: «Ատրպէյճանէն կազի մատակարարումներու յաւելումը կարեւոր է` ուժանիւթի շուկային մէջ ընդհատումներու եւ գիներու աճին լոյսին տակ», մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց յանձնակատարը:
Իր կարգին, Ալիեւ նշեց, որ անցեալ տարի Ատրպէյճան, ընդհանուր առմամբ, արտածած է 19 միլիառ խորանարդ մեթր կազ, որմէ Թուրքիա ստացած է 8․5 միլիառ խորանարդ մեթր, իսկ Իտալիա` 7 միլիառ խորանարդ մեթր: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի կազը կը մատակարարուի նաեւ Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի: