ՄՈՍԿՈՒԱ․- Հարաւային Օսեթիոյ մէջ պիտի սկսի իրագործուիլ «Հինգ քայլ դէպի Ռուսիա» ծրագիրը, որ պիտի ստեղծէ պայմաններ՝ հանրապետութիւնը Ռուսիոյ միացնելու: «Ռեկնում»ը կը գրէ, որ այս մասին «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Պիպիլով:
«Այս իմ քմահաճոյքիս արդիւնքը չէ․ ասիկա անցեալ դարու 20ականներէն ի վեր մեր ժողովուրդի փափաքն է: Օսերը պառակտուած ժողովուրդ են, եւ այդ պառակտումը պէտք է վերցուի», ըսաւ Պիպիլով:
Ան նշեց, որ օսերու միաւորման հառցը աւելի կարեւոր է, քան Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը:
Հանրապետութեան ղեկավարը շեշտեց, որ օսերը դուրս չեն եկած Ռուսական կայսրութենէն, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզման ատեն հանրաքուէով քուէարկած են Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկուելուն ի նպաստ: