ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ Կասպեան քաղաքականութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած «Միացեալ Նահանգներ-Կասպեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակը» առցանց սեմինարին ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան գործընկերներու եւ դրացի երկիրներու հետ կ՛աշխատի Հարաւային Կովկասը հակամարտութիւններէ եւ պատերազմներէ զերծ տարածաշրջանի վերածելու ուղղութեամբ եւ կը ձգտի ապահովել, որ Հարաւային Կովկասը թեքի դէպի համարկում, շրջանային համագործակցութիւն՝ հիմնուած փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու վրայ։
Ըստ անոր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան միջազգային իրաւունքին համապատասխան; «Անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի հիմնարար արժեչափերու եւ սկզբունքներու վրայ, մասնաւորաբար՝ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան։ Տարածաշրջանը վերադրոշման նոր ռազմավարութեան կարիք ունի։ Հարաւային Կովկասի՝ համարկուած տարածաշրջանի կառուցման առումով Ատրպէյճան պատրաստ է իր դերը կատարելու։ Այս ծիրին մէջ, մենք Միացեալ Նահանգները կը տեսնենք իբրեւ կարեւոր գործընկեր»։
Ալիեւի օգնականը նաեւ անդրադարձաւ նոր փոխադրամիջոցներու միջանցքներուն, որոնք պիտի բացուին տարածաշրջանին մէջ, մասնաւորաբար՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին։
«Զանգեզուրի միջանցքէն կրնան օգտուիլ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մեր գործընկերները։ Սակայն Զանգեզուրի միջանցքը չի բացառեր այլ կարողական ճամբաները, զորս մենք դրացի Վրաստանի հետ կառուցած ենք տարածաշրջանին մէջ», դիտել տուաւ Հաճիեւ։