ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 1 Փետրուարին դադրեցան Արմէն Սարգսեանի՝ Հայաստանի նախագահի պաշտօնի լիազօրութիւնները:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ստորագրեց համապատասխան արձանագրութիւնը, որմով արդէն ընդունուած կը նկատուի նախագահին հրաժարականը։
«Հիմք ընդունելով Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 142րդ յօդուածի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 147րդ յօդուածի 1ին մասի եւ 2րդ մասի 2րդ կէտի պահանջներով` դադարած համարել Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` նախագահի լիազօրութիւնները», կ՛ըսուի Ազգային ժողովի 1 Փետրուարին հրապարակած արձանագրութեան մէջ:
Ըստ Սահմանադրութեան` Հայաստանի նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, մինչեւ նորընտիր նախագահին պաշտօնի ստանձնումը, հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը: Մինչեւ նորընտիր նախագահին պաշտօնի ստանձնումը Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան:
Ըստ Սահմանադրութեան՝ Հայաստանի նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագային` նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէ ոչ շուտ, քան 25, եւ ոչ ուշ, քան 35 օր ետք կը կատարուի նախագահի արտակարգ ընտրութիւն:
Ամենայն հաւանականութեամբ, նոր նախագահի ընտրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ 25 Փետրուարէն ետք, տասը օրերու ընթացքին:
Մինչ այդ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրեց Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ալէն Սիմոնեան։