ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան eւ Մեծն Բրիտանիոյ Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերոu նախարար Քրիս Հիթըն Հարիս հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանայի կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Անոնք, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութեան, կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը: Հիթըն Հարիս յայտնեց, որ Մեծն Բրիտանիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան:
Հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական հարցերու կարգին, յատկապէս ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը:
Միրզոյեանը եւ Հիթըն Հարիս անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն` առանց նախապայմաններու կարգաւորման գործընթացին: Բրիտանական կողմը իր աջակցութիւնը յայտնեց կարգաւորման գործընթացին:
Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն` երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով:
Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ վերջին 30 տարուան ընթացքին, Մեծն Բրիտանիան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխատանք տարած են` կարեւոր գործընկերութեան զարգացման ի խնդիր: «Այս նշանակալից տարեդարձին առիթով կ՛ուզեմ վերահաստատել Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Հայաստանի ջանքերուն` հասնելու խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, միջազգային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ածխածինի արտանետումները կրճատելու յանձնառութեան միջոցով: Կլիմայի փոփոխութեան համագումարի 26րդ գագաթնաժողովին Հայաստան արժէքաւոր ներդրում ունեցաւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ համաշխարհային պայքարին մէջ, եւ Մեծն Բրիտանիա պատրաստակամ է աջակցելու ձեզի՝ այդ յաւակնոտ նպատակներուն հասնելուն մէջ», կը յայտնէ Ճոնսըն իր ուղերձին մէջ:
Ան անեւ կը շեշտէ, որ Մեծն Բրիտանիա Հայաստանի Հանրապետութեան գործընկերն է եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին: «Լիայոյս եմ, որ մեր գործընկերութիւնը շարունակական զարգացում կ՛ապրի յառաջիկայ տարիներուն»։
Being in front of CRUCIAL POLITICAL JUNCTURE, ALL 12 MILLION
NATION MUST ANSWER BY DECISIVE REFERENDUM ,INDIVIDUALLY,
ANSWERING UNILATERAL QUESTIONS, YES OR NO. FINALLY TAKING
DECISIONS ACCORDINGLY, SUCH AS: 1- DO YOU WANT A FREE
ARMENIA? 2- AN ARMENIA UNDER RUSSIAN FEDERATION? 3- DO
YOU AGREE THIS GOVERNMENT ACCEPT CAPITULATIONS, SIGNED
SECRETLY? 4- DO YOU AGREE TURKEY- ARMENIA OPEN BORDERS?
5- WANT TO GIVE UP GENOCIDE AND MONUMENT DESTRUCTION?
6- WANT TO GIVE UP ALL TERRITORIAL, POSSESSIONS, DESTRUCTION
TRILLION ACTUAL $ VALUE COMPENSATION? 7-WANT TO DENY SEVRES
TREATY WITH ARBITRAGED BORDER BY PR. W. WILSON? 8- PLEASE
EXPRESS YOUR OPINION & CONCLUSION ABOUT THIS REFERENDUM
ABOVE POINTS PLUS, SUGGESTION. (ADDING, DEDUCTING, RECTIFYING
NEW POINTS)