
ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի հեղինակաւոր դասախօսներէն փրոֆ. Տիրան Աբէլեան եւ կինը՝ Սեդան, որ հանգստեան կոչուած ատամնաբուժ է, 100,000 տոլար նուիրեցին համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին:
Գումարը պիտի յատկացուի համալսարանին մէջ հայագիտութեան մէջ մասնագիտացող ուսանողներու կրթանպաստներ տրամադրելու նպատակով հիմնադրամ մը հաստատելու նպատակին։
Փրոֆ. Տիրան Աբէլեան կը յայտնէ, թէ համալսարանին Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կարեւոր դերակատարութիւն ունի արեւմտահայերէնի պահպանման ջանքերուն մէջ եւ իրենց որոշումին գլխաւոր մղիչ ուժը ծրագիրին՝ այդ առաքելութիւնը կը նկատէ։
Համալսարանին Հայագիտական ուսմանց Մեղրունիի ընտանիքի նախագահական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան այս առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց Աբէլեաններուն՝ յիշեցնելով, որ երբ 2017ին ստանձնեց իր այս պաշտօնը ինք կը փափաքէր ամպիոնին տրամադրած հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու դասանիւթերուն վրայ աւելցնել նաեւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման դասանիւթերու շարք մը, ծրագիր մը՝ որ արդէն իսկ կ՛իրականացուի: