ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի այսպէս կոչուած թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար մեկնաբանեց Կիպրոսի յոյներուն կատարուելիք հաւանական զիջումները: Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ան Կեսարիա նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Թաթար յայտարարեց. «Երբ մենք կը քննենք առաջարկը, մեզի կ՛ըսեն, որ մենք պէտք է Վարոշան վերադարձնենք, եւ որ Էրճան օդակայանը կրնայ բացուիլ ուղղակի թռիչքներու համար՝ ՄԱԿի հովանիին տակ: Մենք չենք կրնար այդ ընդունիլ։ Վարոշան մեծ ծառայութիւն մատուցած է «հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ զբօսաշրջութեան»:
Թաթար նաեւ նշեց, որ նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ընթացքին, Վարոշա այցելեցին մօտաւորապէս 400,000 զբօսաշրջիկներ, եւ աւելցուց՝ ըսելով. «Յուսանք համաճարակէն ետք շարժումը շատ աւելի աշխուժ պիտի ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա կղզիին հիւսիսային մէկ երրերդ բաժինը բռնագրաւած է 1974ին: Վարոշա թաղամասը տասնամեակներ մնացած էր իբրեւ «ուրուական քաղաք» եւ Թուրքիա 2021ին որոշեց զայն վերաբանալ զբօսաշրջութեան առջեւ: