Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մանուկներու յատուկ հրատարակութիւններ (նաեւ թերթերու մանկական էջերը) երբեմն իրենց դեռատի ընթերցողին կը տրամադրեն «կէտեր միացնելու խաղ»եր, որոնք լուծելով՝ մանուկը կը գտնէ պահուըտած նկար մը, ընդհանրապէս՝ կենդանի մը, հերոս մը եւ այլն: Լուծողը ընդհանրապէս կը հրճուի իր գիւտով:
Կարելի՞ է նման խաղ մը տրամադրել ոչ-մանուկներու, այսինքն՝ քաղաքական աշխարհին հետեւող չափահաս ընթերցողիս: Փորձենք: Հետեւեալ տողերուն մէջ պիտի ներկայացնենք սարէն-ձորէն «բռնուած» կէտեր (մեծ մասամբ՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին յաջորդող օրերէն), զանոնք միացնելու «ժամանցը» պարգեւելով ընթերցողին: Չենք խոստանար, որ կէտերու միացումով ի յայտ գալիք պատկերը անպայման հրճուանք պիտի պարգեւէ:
***
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն բռնուած է սաստկաշունչ փոթորիկի մը մէջ, կը պահանջուի անոր հրաժարականը: Ընդդիմադիրները, մամուլը, մինչեւ իսկ իր՝ Պահպանողական կուսակցութեան շրջանակները զայրացած են անկէ: (Փոթորիկը պայթած էր նախագահ Սարգսեանի հրաժարականի որոշումէն շատ առաջ, հետեւաբար, իմաստ չունի այս հարցը կապել Սարգսեանի Լոնտոն հասնելուն): Ընդվզումին պատճառը այն չէ, որ անոր մազերը կը յիշեցնեն խենթանոցէ փախուստ տուած մէկը, ո՛չ ալ «Պրեկզիթ»ին կարգ մը հետեւանքները: Ճոնսընի ուղղուած քննադատութիւններուն մէջ չկայ հայրենիքէն հող եւ գերիշխանութիւն զիջելու մեղադրանք: Ան ամբաստանուած է կրկնակի յանցանքներով. անցեալ տարի, երբ Պսակաւոր ժահրի համաճարակը բռնած էր նաեւ Անգլիոյ կոկորդը, աշխարհով մէկ միջոցառումներ կ՛որդեգրուէին համաճարակին տարածման դէմ, Ճոնսըն անտեսած է իր կառավարութեան իսկ ճշդած՝ հաւաքներ չկազմակերպելու արգելքները եւ իր բնակարանին մէջ քանի մը բազմամարդ հաւաքոյթներ կազմակերպած է: Անոնցմէ մէկն ալ տեղի ունեցած է Էլիզապէթ թագուհիին ամուսնոյն մահուան օրերուն (պահպանողական Անգլիոյ մէջ պահպանողական վարչապետ մըն է այս բոլորը ընողը): Երբ վարչապետին յանցանքներուն լուրերը «սպրդած» են, ան նախ ըսած է, թէ նման բան չէ ըրած, յետոյ, մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ խոստովանեցաւ յանցանքը եւ ներողութիւն հայցեց… կրակին վրայ իւղ թափելով: Փոթորիկը տակաւին վերջ չէ գտած եւ կրնայ արժել անոր քաղաքական կեանքը, Ճոնսըն դարձած է ծաղր ու ծանակ:
Ասդին, Հայաստանի մէջ, նախարար Սուրէն Պապիկեան ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է անցեալ շաբաթ: Ամուսնանալը մեղք չէ, ընդհակառակն, երիտասարդ նախարարը շնորհաւորանքի արժանի է: Հարցը հոն է, որ (կէտերու շարք մը կը սկսի այս տեղէն) հարսանիքը եղած է շռնդալից կերպով փառահեղ, հարցականներ ստեղծած է, թէ իշխանութեան միանալու օրերուն՝ համեստ եկամուտով այս երիտասարդը ինչպէ՞ս հասցուցած է այսքան հարստանալ (որեւէ մէկը չըսաւ, թէ ծախսը… կառավարութիւնը կամ որեւէ բարերար հոգացած է, այլ պարզապէս տեղի ունեցած է Գագիկ Ծառուկեանի պատկանող պերճաշուք սրահի մը մէջ): Բնականաբար ներկայ եղած են վարչապետը, կառավարութեան եւ ՔՊ-ի անդամներ, բարձրաստիճան բանակայիններ: Եւ յանկարծ… լուր տարածուեցաւ, որ հարսնեւորներէն շատեր Պսակաւոր ժահրով վարակուած են: Յայտնապէս Պորիս Ճոնսընի գործած յանցանքը՝ ապահովութեան միջոցներու անտեսումը պատահած է նաեւ այդ հարսանիքին:
(Շարունակենք կէտերը): Առաջին լուրերուն հետ, ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ վարչապետն ու անոր խմբակիցները «անհիմն զրպարտութեան» թիրախ են (չէ՞ որ ընդդիմադիրներուն մեղադրանքները եւ քննադատութիւնները միշտ այսպէս կը դիմաւորուին, իշխանաւորներուն՝ Արցախի մեծ մասը Ազրպէյճանին նուիրելն իսկ զրպարտութիւն կը սեպուի…): Եկաւ շաբաթավերջը եւ հարցը… աւելի՛ լրջացաւ: Ուրբաթ օր, բանակի հիմնադրութեան 30րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնը յետաձգուած յայտարարուեցաւ, որովհետեւ վարչապետը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հրամանատարներ վարակակիր են: Ի դէպ, տարեդարձը պիտի չնշուէր զինուորական տողանցքով (ասիկա մի՛ վերագրէք բանակի վերականգնումին ուշացման), այլ՝ պանդոկի մը մէջ հաւաքոյթով մը: Ու հրապարակը ողողուեցաւ (մեծ մասամբ՝ արդարօրէն) այլազան մեկնաբանութիւններով: Այս որոշումին մէջ տեսնուեցան թրքական եւ ազերիական բաղձանքներու ընդառաջ երթալու (եւ հաճոյանալու) «քաղաքականութիւն», բանակի նսեմացման ճամբուն վրայ նոր քայլեր…:
Բանակին 30րդ տարեդարձը յիշատակուեցաւ մասնավճարով: Քանի մը նախարար եւ իշխանական մարդ Եռաբլուր գացին մամուլի ներկայացուցիչներուն ոսպնեակներուն դիմաց, անոնց մեկնումէն ետք, կաթողիկոս ու հոգեւորականաց դաս հոգեհանգիստ կատարեցին Եռաբլուրի մէջ, ընդդիմադիրներ խորհրդանշական այցելութիւններ տուին Սարդարապատ, այլ յուշակոթողներ եւ սահմանային դիրքեր: Հարազատներ կորսնցնողները կը շարունակեն կրել անդարմանելիին վիշտը: Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ խորհրդանշական հաւաք մը կազմակերպեցին զինուորականներ եւ կամաւորներ, ափսոսալով, որ բանակին տարեդարձը անցած է անշուք, մինչդեռ, ամանորին բաւական տպաւորիչ երգահանդէս եւ հրավառութիւն տեղի ունեցած էր հոն…:
Վստահաբար չէ մոռցուած, որ այս իշխանութեան օրով, Ապրիլ 24ը, Մայիս 28ը եւ նման պատմական, ազգային արժէք ներկայացնող տօներ որքա՜ն նսեմացուած են, լուսանցքային դարձած: Եւ ահա, Բանակի օրն ալ նոր «նուաճում» մը՝ «քալողներուն» բացած ճամբուն…:
Ու… զարմանալի՞ է, որ ճիշդ նոյն պահուն, հրապարակ կը նետուի տեղեկութիւն, թէ իշխանաւորին կուսակցութիւնը կը քննարկէ նոր նախագահցուի մը հարցը (տակաւին պաշտօնական չէ) ու ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը նկատուի Արայիկ Յարութիւնեանը (չէ, Արցախի Արայիկը չէ), ա՛յն Արայիկը, որ տխուր հռչակ կերտեց մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, երբ կրթութեան (եւ կառավարական քանի մը այլ պաշտօններու տէր) նախարար էր եւ առաւօտ մը ափ ի բերան ձգեց Հայաստանն ու հայկական աշխարհը, մասնաւորաբար ազգային արժէքներու պաշտպանները, երբ որոշեց, թէ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններ ընդունուելու համար, ուսանողները պարտաւոր պիտի չըլլան հայերէն լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան յատուկ քննութիւններ անցընելու, յետոյ ի յայտ եկաւ, որ վարչապետն ալ համամիտ էր (իսկ գիտնալու համար, թէ ո՞վ տուած էր որոշումը եւ ո՞վ որու համամիտ եղած էր՝ սուրճի գաւաթ կարդացողի պէտք չունինք):
Այս խորապատկերին զուգահեռ, մարմին կ՛առնէ Սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնաժողով մը, որուն անդամները քաղուած են իշխանութեան մօտիկ ծառերէ եւ տալիք պտուղին մասին այժմէն իսկ նախատեսութիւն կարելի է ընել: Ընդդիմադիր ճակատը դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնէ, յուսալով, որ խուլերը դարմանուին:
***
(Կէտերու այլ շարք): Վարչապետը շաբաթասկիզբին մամլոյ (շինծու) ասուլիս մը տուաւ եւ, ի միջի այլոց, յայտարարեց, որ Հայաստան այսուհետեւ յարձակողական վարքագիծ պիտի չունենայ (ուրեմն ան կ՛երեւակայէ՞, որ Ազրպէյճանը մի՛շտ ալ «նախայարձակ Հայաստան»ի դէմ արդար ինքնապաշտպանութիւն ըրած է, ուրեմն, 44օրեայ պատերազմն ալ, արդար վաստակ մըն էր Ալիեւի դիտանկիւնէն), յետոյ աւելցուց, որ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն համար Հայ Դատը քաղաքական հետապնդումի հարց չէ եղած եւ չէ, ատիկա Սփիւռքին վերապահուած աշխատանք է (հակադարձութիւնները չուշացան եւ մտաւորականներ ու պատմագէտներ, քաղաքական մարդիկ ցոյց տուին վարչապետին՝ փինոքիոյական երկարող քիթը): Պարզ խօսքով, Արցախի մեծ մասը Ազրպէյճանի յանձնելէ եւ մնացեալին հսկողութիւնն ալ ռուս խաղաղապահներու վստահելէ ետք, բանիմա՜ց վարչապետը ահա պաշտօնապէս ձեռքերը կը լուայ նաեւ Հայ Դատէն: Վաղն ալ «լուացում»ի արարողութիւններ կրնան կրկնուիլ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի մէջ եւ այլուր, ինչո՞ւ չէ, նաեւ… տնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Հոս ալ վարչապետը (քանի՞երորդ անգամ ըլլալով) պաշտօնական դիրքէ հրապարակ եկաւ ազերիական ու թրքական «վարկածներու» պաշտպանի, զանոնք լիովին որդեգրողի պատմուճանով:
…Միջազգային լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հրեաներու ողջակիզման օրը կը նշուի Գերմանիոյ եւ եւրոպական ու այլ երկիրներու մէջ: Գերմանիա տասնամեակներ առաջ ընդունած էր Բ. Աշխարհամարտի օրերուն գործուած Հիթլէրի ոճիրները, ներողութիւն խնդրած էր, հրեաներուն հատուցումներ կատարած էր եւ կը շարունակէ հատուցել, զոհը Գերմանիոյ եւ աշխարհի օձիքը բաց չէ ձգած, իսկ Հայաստանի վարչապետը, 44օրեայ պատերազմէն 15 ամիս ետք, բանիւ եւ գործով պատգամ կ՛ուղղէ հայութեան, թուրք-ազրպէյճանական զինակցութեան ու քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ձեռքերը կը լուայ Հայ Դատէն (հաւանաբար վարչապետին ուղեղը չի կրնար պարփակել այս հասկացութեան տարածքն ու տարողութիւնը):
Անդին, Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ Կարսն ու Վանը (հաւանաբար հայութեան հատուցելի այլ պատմական շրջաններ եւս) պիտի բանայ հայ զբօսաշրջիկներու առջեւ: Թուրքերը լսած ըլլալու են Խաչատուր Սուքիասեանի եւ այլ իշխանաւորներու յոխորտանքները, թէ բարեկամութեան էջին եւ ճամբաներու բացումով ու գործակցութեան դաշտերու ստեղծումով, հայերը կը յուսան թուրքերէն դրամ շահիլ՝ զանոնք Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ դարմանելով, ու կը մտածեն. «Եթէ հայերը մեզմէ դրամ պիտի շահին, մենք ալ իրենցմէ՛ շահինք…» (Իսկ թէ «բարեկամութեան էջին բացում»ը ո՞ւր կրնայ հասցնել Հայաստանի տնտեսութիւնը, գիւղացին…: Թող Սփի՛ւռքը ուրախ զգայ. Հայ Դատ հետապնդողներուն թիւը կրնայ բարձրանալ):
***
Հայաստանէն՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան կը պատրաստուին մասնակցելու Թուրքիոյ կազմակերպած եւ Անթալիայի մէջ նախատեսուած՝ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ժողովին:
Ազրպէյճան կազմակերպուած կերպով ազերիներ Արցախ կը բերէ, առայժմ՝ իբրեւ զբօսաշրջիկ, վաղը նաեւ մնայուն կայք հաստատելու համար: Ճամբաներ կը բացուին, Շուշիի Ամենափրկիչ (Ղազանճեցոց) եկեղեցին մզկիթի պիտի վերածուի (Պոլսոյ Այա Սոֆիային «արձագանգը»): Սխա՞լ էր Նիկոլ Փաշինեան, երբ դժբախտ ու տժգոյն կը տեսնէր Շուշին: Հին Կտակարանին մէջ մարգարէութեան նոր գլուխ մը պէտք է աւելցնել« «Մարգարէութիւն Նիկոլի…»:
***
Ընթերցողս, վստահ եմ, դժուարութիւն չունեցաւ կէտերը իրարու միացնելու եւ պատկերը յստակօրէն տեսնելու: Իրաւունք ունի այլ կէտեր ալ աւելցնելու:
Աստուածորդին օր մը յայտարարեց. «Երանի անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»: Իսկ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին մէջ կան պնդագլուխ կոյրեր, ինչպէս նաեւ այս բոլոր պարզ աչքերով տեսնողներ, սակայն կը շարունակեն չհաւատալ, կամ… հաւատալ իշխանութեան պարագլուխին եւ անոր խմբակիցներուն:
Հայրենիքն ու հայութիւնը ինչպիսի՛ նորանոր կորուստներ պէտք է ունենան, որպէսզի ձեռքերը միացնեն կործանարար խմբակի հեռացման ԳՈՐԾին մէջ:
28 Յունուար 2022