ՀՈՒՐԻՆԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ-ՎԵՐՏԱՆԵԱՆ
Վերապատուելի համայնքապետ դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ իր ազնիւ տիկնոջ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մտայղացումով 2006 թուականին ծնունդ առած «Արմիս» երաժշտանոցը իր անուանումը ստացած է հոգեւոր հովիւ, երգահան, երաժիշտ եւ գծանկարիչ վեր. Արմենակ Միսիրեանէն։
Հովանաւորութեամբ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի՝ Կիրակի, 16 Յունուար 2022ի երեկոյեան ժամը 6ին, Հայ աւետարանական Բեթէլ լուսաւոր եւ վերանորոգ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմիս» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 15ամեակի նշումը։
Հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հովիւներ, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի մարմիններու եւ հալէպահայ մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հալէպի հայկական երաժշտանոցի տնօրէններ, ծնողներ եւ երաժշտասէր հանդիսականներ:
Բացման խօսքով բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքերով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի տնօրէնուհի Թամար Սողոյեան: Ան անդրադարձաւ «Արմիս»ականներու վերելքին եւ երաժշտանոցի առաքելութեան։
Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով երաժշտանոցի ուսուցիչները մեկնաբանեցին Արմենակ Միսիրեանի «Տէրունական Աղօթք»ը, «Քեզ, Ո՜վ Մանուկ»ը եւ «Բեթլեհէմի Աստղ»ը։
Հանդէս եկան նաեւ աշակերտները. Dervelois-ի «March» նուագեցին Ճոզէֆ Զէրպէ (դաշնամուր), Ճիմի Զէրպէ (ֆլիւթ), Արամ Խաչատուրեանի «Masquerade Waltz»ը դաշնամուրի քառձեռն (katerman) կատարումով նուագեցին՝ Քրիստ Եաղլճեան եւ Ճոզէֆ Զէրպէ։
2021 եւ 2022 տարեշրջանին, առաջին անգամ ըլլալով երաժշտանոցը ունեցաւ իր ձայնամարզութեան ուսուցչուհին՝ համբաւաւոր օփերայի երգչուհի Սումէյա Հալլաքը:
Անոր հսկողութեամբ ելոյթ ունեցան Կալին Պալապանեան, երգելով Adelle-ի «Sky Fall»ը, ինչպէս նաեւ Քրիստինա Միրաքեան երգելով Giulio Caccini-ի «Ave Maria»ն։
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեանի կողմէ պատրաստուած «Արմիս» երաժշտանոցի պատմականy eւ ներկայ գործունէութիւնը պարզաբանող տեսերիզ մը։
Մերթ ընդ մերթ տեսերիզով իրենց քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակները ներկաներուն հետ բաժնեկցեցան եւ շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ուղղեցին արտերկիր գտնուող երաժշտանոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի նախկին անդամներ:
Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մշակումով Արմանի Հերա Սելիմեանի «Տէրունական Աղօթք» մեներգը յատուկ փայլք եւ երանգ տուաւ հանդիսութեան։
Հանդիսութիւնը իր սրտի խօսքով եզրափակեց hամայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ ըսաւ «Երբ ի միտի ունեցանք հիմնել այս երաժշտանոցը, մեր միտքին մէջ կար նպատակ մը՝ ունենալ «երաժշտական տուն» մը, ուր երեխան կը ստանայ արուեստի գիտելիքներ, կը յղկէ իր ճաշակը ու կը դառնայ խոստմնալից երիտասարդ մը։ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ տարիներու անխոնջ աշխատանքով, ինչպէս նաեւ նուիրեալ արուեստագէտներու ներկայութեամբ «Արմիս»ը դարձաւ զարգացող երաժշտանոց մը: Դժբախտաբար անողոք պատերազմին հետեւանքով, երաժշտանոցի մեծաթիւ ուսանողները գաղթեցին, սփռուեցան աշխարհով մէկ ու շարունակեցին իրենց երաժշտական ուսումն ու պրպտումները արտերկրի բարձրագոյն երաժշտանոցներէն ներս»։
Իր խօսքի աւարտին վերապատուելին շնորհակալական խօսք ուղղեց նախ Թամար Խապայեանին, որ տրամադրեց Արմենակ Միսիրեանի գծանկարները, որոնք պահպանուած են Ռոպէր Ճէպէճեանի գրադարանին մէջ: Ապա իր երախտիքի խօսքը ուղղեց երաժշտանոցի ուսուցչական եւ տնօրէնութեան կազմերուն, որոնք մեծ հոգատարութեամբ եւ նուիրումով հայ երաժշտութիւնը հոգեհարազատ եւ անբաժանելի մէկ մասնիկը կը դարձնեն երեխայի կեանքին: Վերապատուելին շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութիւնը կազմակերպող անձնուէր եւ ծառայասէր աշխատողներուն։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վերապատուելիին առաքելական օրհնութեան աղօթքով։