
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի օդուժը համալրուեցաւ ժամանակակից, բազմագործ նոր ուղղաթիռներով, որոնք նախատեսուած են ցամաքահանումի, կրակային, փոխադրութեան եւ առողջապահական խնդիրներ կատարելու համար:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ռազմական նոր օդուժի սարքերու ընդունման առիթով, 25 Յունուարին, «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան:
Բանակի կազմութեան տարեդարձին ընդառաջ, շնորհաւորելով անձնակազմը, զօրամասի հրամանատարութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ օդային սահմաններու պաշտպանները պատրաստ են կատարել առաջադրուած խնդիրները եւ անսասան պահել երկրի օդային դարպասները:
Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատարին ներկայացուեցան ուղղաթիռներու մարտավարական-թեքնիք բնութագիրները եւ առանձնայատկութիւնները: