ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի փրկարարները Ջրականի (Ջաբրայիլ) շրջանին մէջ յայտնաբերուեցին եւ տարհանուեցին 2020ի ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած այլ հայ զինուորի մը աճիւնը: Այս մասին յայտնեցին Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն (ԱԻՊԾ):
Կը նշուի, որ զինուորը եղած է կամաւորական` պահեստազօրէն, սակայն անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:
Օր մը առաջ, Ատրպէյճան Շուշիի մէջ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) փոխանցեց Որոտանէն յայտնաբերուած հայ զինուորի մը աճիւնը: Անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:
13 Նոյեմբեր 2020էն այսօր, որոնողական աշխատանքներու եւ ատրպէյճանական կողմին հետ դիերու փոխանակման իբրեւ արդիւնք գտնուած են ընդհանուր 1708 աճիւններ: