
Դաշնակցութիւնը Մահուան Դատապարտուած
«Մշակ Հայաստանի» Դեկտեմբեր 3ի թիւէն.
Դեկտեմբեր մէկին, Երեւանի պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Դաշնակցութեան դատը», սովորական դատերու ձեւին տակ: Դատարանի նախագահն էր պրն. Տէր Սիմոնեան, որ կարդաց տասը կէտերէ բաղկացած ամբաստանագիր մը: Դաշնակցութիւնը կը մարմնացնէր Հ. Եաղուրեան, որ ինքզինք մեղաւոր չէր նկատեր եւ ի վերջոյ խնդրեց ներողամիտ ըլլալ իր սխալներուն համար, որովհետեւ ըսաւ. «Ով որ կը գործէ, կը սխալի»:
Կանչուեցան մաս մը վկաներ: Գր. Վարդանեան մանրամասնօրէն պարզեց թրքահայութեան դժբախտութեան պատճառ դարձող այդ կուսակցութեան ընթացքը:
Վկայութիւններ տուին Գ. Պիճիկեան, Գ. Տէր Ռուբէնեան, Կ. Մելիք Օհանջանեան, Ասմարեան եւ ուրիշներ: Մեղադրողներն էին՝ Ա. Երզնկեան, Ս. Մարգարեան եւ Գարակէօզեան, որոնք ամէնախիստ պատիժ պահանջեցին: Իսկ պաշտպանները՝ Աշ. Յովհաննէսեան եւ Աւիս, մէջ բերին մեղմացուցիչ պարագաներ եւ առաջարկեցին մեղադրեալը յանձնել պատմութեան վճիռին:
Դատարանը, խորհրդակցելէ յետոյ, հետեւեալ վճիռը արձակեց.
«Օրէնքէ դուրս յայտարարել Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, մահուան դատապարտել զայն եւ դիմել` արտասահմանի պրօլետարեայի (բանուորութեան) եւ այս վճիռը հաղորդել»:
Դատը սկսուած է ժամը իրիկուան 5ին եւ վերջացած՝ գիշերուան 1ին: Դատավարութեան ներկայ եղած են ժողովրդային խուռն բազմութիւն մը, որ մինչեւ վերջ մնացած է լարուած ուշադրութեամբ:
Յունուար 27, 1922, թիւ 822