ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմէնիա».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շնորհիւ, շրջանին մէջ կացութիւնը կայուն է, կը պնդէ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Միրոսլաւ Ենչայի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
«Այժմ Կովկասի մէջ կացութիւնը կայուն է Ռուսիոյ միջնորդութեան եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շնորհիւ: Կացութեան հետագայ կարգաւորման համար, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործնական աշխատանք պէտք է կատարուի», աւելցուց ան: