Հրամանաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ հրատարակութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, լոյս տեսաւ Տարօն եւ Տաթեւիկ «Աղաւնոյ Վանք» մանկապատանեկան պատմուածքի գրքոյկը:
Այս գրքոյկի պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանի, ներշնչուած` Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութենէն Նկարազարդումը կատարած է Սիլվա Խաչերեան:
Բոլոր տարիքներու յարմար եւ դաստիարակչական բովանդակութեամբ այս հատորը իր ներդիրին մէջ ունի նաեւ նոյն բովանդակութեամբ ու նկարազարդումներով պատրաստուած մանկական տեսերիզ մը, որ պատրաստուած է Հայաստանի մէջ` մեկենասութեամբ «Մանուկ Չուխաճեան» ընտանեկան հիմնադրամին: Շարժապատկերին մէջ Տաթեւիկի ձայնը կը կատարէ Արազ Չարեան, իսկ Տարօնի ձայնը` Ռուբէն Գարայեան: