ՓՈՐՔԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 16 Յունուարին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան համանուն եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի 2022 տարուան հռչակագիրը: Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագները եւ դպիրները:
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութիւններու, ազգային, կրթական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը հակիրճ կերպով խօսելէ ետք Ս. Յովհաննէս Կարապետի կեանքէն բխող արժէքներու մասին՝ հանդիսաւոր կերպով ընթերցեց վեհափառ հայրապետին հռչակագիրը, որմով 2022 տարին կը կոչէ «Սփիւռքի տարի»: Կաթողիկոսը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայ ժողովուրդի սփիւռքացման հանգրուանները՝ դիտել տալով, որ արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական պատճառներով:
Խօսելով Սփիւռքի մասին, կաթողիկոսը կը մատնանշէ, թէ «Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային»: Հայրապետը կարեւոր կը համարէ նոր ժամանակներու եւ մարտահրաւէրներու համահունչ ռազմավարութեան ձեռնարկումը, որուն մղիչ ուժը պէտք է դառնան Սփիւռքի պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը: Առ այդ, հայրապետը կը թելադրէ թեմական եւ համայնքային կառոյցներուն բարեկարգումներ եւ իրարու միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւններ իրականացնել: Այս աշխատանքին համար ան կ՛առաջարկէ մթնոլորտի պատրաստութիւն, նախաձեռնութիւն եւ վերջապէս ծրագիրներու գործադրում:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Ինչպէս անցեալ աւելի քան քառասուն տարիներուն, մատաղի պատրաստութեան ծախսերը այս տարի եւս հոգացած էր եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Վահէ Կարապետեան:
Նշենք, որ նոյն օրը, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ վեհափառ հայրապետի «2022 – Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրը:
Եփրեմ արք. Թապագեան հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: