ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Պոլշեւիկեան հրատարակութիւնները, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտը, կը մերկացնէին եւ կը քննադատէին ցարական քաղաքականութիւնը:
Այսպէս, 1926ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած «Խորհրդային Մեծ Համայնագիտարան»ի Գ. հատորին մէջ, Մոսկուա կը խոստովանի ռուս պետութեան հասցուցած չարիքը՝ հայ ժողովուրդին եւ անոր դատին, գրելով. «Հայկական հարցը ողբերգականօրէն բարդացաւ միջամտութեամբը Ռուսիոյ եւ Անգլիոյ: Ռուս արեւտրաարդիւնաբերական դրամագլուխը, ձգտելով տիրանալ Սեւ ծովուն, Վոսփորին եւ Տարտանելին, կը քօղարկեր իր այս նպատակները կեղծ նշանախօսքով մը, յայտարարելով, որ «ինք կը պայքարի իբրեւ թէ քրիստոնեաները ազատագրելու համար Թուրքիոյ մահմետական լուծէն»: Հայկական «պուրժուազի»ն, յուսալով այս նշանախօսքով եւ անոր օգնութեամբ տիրանալ ազգային քաղաքական ինքնորոշման, ոչ միայն ինքը, իր մեծամասնութեամբ, ռուսական ուղղութիւն որդեգրեց, այլեւ զայն քարոզեց եւ տարածեց Թրքահայաստանի հայերուն մէջ:
«Հայերու այս դիրքը հիմնովին փոխեց դէպի հայ պուրժուազիին վերաբերումը թուրք կառավարութեան, որ մինչեւ 1877ի պատերազմը ոչ միայն չէր հալածեր զայն, այլ մինչեւ իսկ հայերը կ՛առնէր պետական կարեւոր պաշտօններու մէջ: Այս վերաբերումը աւելի թշնամական դարձաւ այն խնդրագրէն յետոյ, զոր ռուսահայերը ուղղեցին կովկասեան փոխարքայ մեծ իշխան Միխայիլ Նիքոլաեւիչին, եւ այն պաշտօնական դիմումէն յետոյ, զոր թրքահայերը, գլխաւորութեամբ Ներսէս պատրիարքի, ուղղեցին Ռուսիոյ՝ այս վերջինի պաշտպանութիւնը խնդրելով, ի նպաստ հայերուն, Թուրքիոյ հետ կնքուելիք դաշնագրի մէջ»:
Սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդերուն եւ հայ յեղափոխական շարժման մասին համայնագիտարանը կը գրէ. «Հայ պուրժուազին կ՛որոշէ զինուած պայքար տանիլ կառավարութեան ահաբեկումի դէմ, առ այդ ստեղծելով իր ազգայնական կուսակցութիւնները՝ Հնչակեան եւ Դաշնակցութիւն, ռուսական Անդրկովկասի մէջ: 1890ական թուականներուն վերջաւորութեան ասպարէզէն կը քաշուի սակայն Հնչակեան կուսակցութիւնը, եւ հայերու քաղաքական միակ ղեկավար կազմակերպութիւնը կը մնայ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակներու արկածախնդրական քաղաքականութիւնը յարմար պատրուակ էր սուլթանական իշխանութեան ձեռքը՝ բնաջնջումով պայքար տանելու համար հայ ժողովուրդին դէմ, սակայն այդ պայքարը կը բխէր բուն իսկ սուլթանական բռնակալութեան էութենէն։ Առանց դաշնակներու ֆետայական շարժման իսկ՝ հալածանքները հայերու դէմ, այնուամենայնիւ տեղի պիտի ունենային: Եւրոպական դիւանագիտութիւնը պատրաստ էր, ի հարկէ, օգտագործելու Հայկական հարցը, իբրեւ ճնշման միջոց մը թուրք կառավարութեան վրայ, անկէ բան մը շորթելու համար, սակայն նոյն դիւանագիտութիւնը երբեք չէր հետաքրքրուէր Հայկական հարցի լուրջ լուծումով եւ հայ պետութեան ստեղծումով: Այս միտքէն առանձնաբար հեռու էր Ռուսիան: Հայկական շարժումը ցարականութեան անհրաժեշտ էր Թուրքիան տկարացնելու եւ անկէ Պոլիսը, նեղուցները եւ բուն իսկ Հայաստանը խլելու համար»:
Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եւ Կիլիկիոյ ջարդերը յիշելէ ետք, համայնագիտարան կ՛աւելցնէ. «Թուրքերէն յուսախաբ հայ քաղաքական շրջանակները նորէն կը փոխեն իրենց իրենց քաղաքական ուղղութիւնը եւ կրկին կը դառնան իրենց սկզբնական կռուանին՝ Ռուսիոյ։ Ցարական կառավարութիւնը այս անգամ սիրով կ՛ընդառաջէ հայերուն, կը հասուննայ համաշխարհային պատերազմը։ «Հայերը, նստած ըլլալով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ինկած խաչուղիին, կը ստանան քաղաքական մեծ կարեւորութիւն»:
Համայնագիտարան նշէ, թէ համաշխարհային պատերազմին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը մեծապէս ծանրացուց հայերու վիճակը, յիշեցնելով, որ «դաշնակները պատերազմի սկիզբէն իսկ ոչ միայն հրապարակ եկան իրենց «Մեծ Հայաստան»ի նշանախօսքով, այլեւ կամաւորական գունդեր կազմեցին առաւելաբար թրքահայ դասալիքներէն»:
Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ հանրագիտարանը հետեւեալ թիւերը կու տայ. «300,000 հոգի սրածուած, նոյնքան մը մեռած դէպի Միջագետք տանող տեղահանութեանց ճամբաներու վրայ. 200,000 հոգի ալ փրկուած՝ մահմետականութիւն ընդունելով: Այս հսկայ աղէտէն Թրքահայաստանը փաստօրէն մնաց առանց հայերու»:
Իսկ Կովկասի դէպքերու մասին կը գրէ. «1917ի ամրան, Անդրկովկասի գիւղացիական համագումարին, Թիֆլիսի մէջ, արդէն ձեւ առած էր վրացիներու եւ թաթարներու պլոքը՝ հայերու դէմ:
«1917ի Հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ գումարուած հայկական Ազգային Համաժողովը, որ կը ղեկավարուէր դաշնակներու կողմէ, հաստատեց Հայաստանի կապը մնացեալ Ռուսիոյ հետ եւ պահանջեց Ռուսիոյ ձգել թրքապատկան Հայաստանի այն հողերը, որոնք համաշխարհային պատերազմին գրաւուած էին ռուսական զօրքերու կողմէ»:
Ապա, յիշելով Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան շրջանը եւ Սէյմի կազմութիւնը, համայնագիտարանը կը նկատէ. «Սէյմը փաստօրէն Հայաստանի ուսերուն բեռցուց Անդրկովկասի պաշտպանութեան բովանդակ ծանրութիւնը՝ յարձակումներուն դէմ թուրքերուն, որոնք բնականօրէն կը ձգտէին օգտագործել բարենպաստ վայրկեանը, հողային գրաւումներ կատարելու համար»:
Պատերազմի վերջաւորութեան Հայաստանի հողերը կ՛ընդարձակուին եւ կը հասնին 17,000 քառ. մղոնի, (աւելի քան 45,000 քառ. քլմ.)։
«Դաշնակներու Հայկական Հանրապետութիւնը դաշնակիցներէն ստացաւ Կարսի շրջանը, 1848ին Հայաստանէն խլուած Երեւանի նահանգի մասերը եւ այլ հողեր, որոնք հայաստանի հողային տարածութիւնը հասցուցին 17,500 անգ. քառ. մղոնի, 1,510,000 բնակիչներով, որոնցմէ 795,000ը հայեր, 575,000՝ մահմետականներ, իսկ 140,000՝ այլ ազգութեանց պատկանող անձեր», կը գրէ համայնագիտարան, իսկ խօսելով հայ-թրքական պատերազմին մասին, կը նշէ. «Հայկական Հանրապետութիւնը հարկադրուած էր տեւաբար ետ մղել Թուրքիոյ կողմէ կատարուող քրտական արշաւները՝ Օլթիի, Սարըղամիշի եւ այլ շրջաններու մէջ: 1920ին սկսած բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Խորհրդային Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, կը բախէին ընդդիմութեան դաշնակ Հայաստանի, որ իբրեւ թշնամի ուժ ինկած էր երկու պետութեանց հաղորդակցութեան ճամբաներուն վրայ»:
«ՊԷՏՔ Է ԸՆԴԱՐՁԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ»
Թուրք հրապակագիրներէն Ահմէտ Էմին Եալման միակը եղած է, որ զինադադարի շրջանին գրած է, թէ «պէտք է ընդարձակել Հայաստանի սահմանները»: Թուրք թերթերը, երբ իրեն հետ բանավէճի կը մտնեն, յաճախ կը յիշատակէն այդ յօդուածը: Այսպէս, «Ենի Սապահ» 1948ի Մարտ 24ի թիւին մէջ կը գրէ. «Ահմէտ Էմին Եալման 4 Օգոստոս 1919 թուակիր «Վաքըթ»ի մէջ թրքական հողամասերը առատաձեռնօրէն կը նուիրէր Հայաստանին, ըսելով թէ Հայկական Հանրապետութիւնը չի կրնար պարփակել մեր երկրին հայերը, հետեւաբար պէտք է մաս մը հողամաս կցել անոր սահմաններուն, որպէսզի հայերը տէր դառնան ազգային հայրենիքի մը ու մենք յաւիտեան ազատինք Հայկական հարցին ու անոր յարակից մեքենայութիւններու աղմուկէն: Ինչպէս կը տեսնուի, Ահմէտ Էմին Եալման իր իսկ ստորագրութեամբ առաջարկած է Հայաստանի նուիրել թրքական հողերը: Իր այս ընթացքով Ահմէտ Էմին Եալման աւելի առաջ գացած է քան մոսկոֆները, որոնք վերջերս թրքական հողեր պահանջեցին»:
նկար
0119Noubar