Յայտնի գործարար, Reddit-ի եւ Initialized Capital ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան իր մեծ հայրը շնորհաւորեց անոր տարեդարձին առիթով: Ճան Օհանեան 100 տարեկան դարձաւ:
Ալեքսիս Օհանեան «Ինսթըկրամ»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «12 Յունուարին, մեծ հայրս 100 տարեկան դարձաւ. երջանկութիւն էր մէկ տեղ հաւաքել Օհանեաններու չորս սերունդները եւ վայելել հայկական ճաշատեսակներ։ Մեծ հայրս մեզի զուարճացուց իր պատմութիւններով, ինչպէս օրինակ՝ վիճակախաղի մը ինքնաշարժ շահիլը (զոր վաճառած է՝ համալսարանի ծախսերուն հասնելու համար), կամ կամաւոր մասնակցութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմին: Անոնց սերունդի ներկայացուցիչները տարբեր են եւ ես շնորհակալ եմ անոնց զոհաբերութիւններուն համար: Մեծ հայրս՝ Ճոն Օհանեան, զաւակ է գաղթականներու, որոնք վերապրած են Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Ան որբացած եւ կեանքը զերոյէն սկսած Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իր որդին զբօսաշրջութեան գործակալութիւն բացած է (հանգստեան կոչուած է այս տարի), իսկ անոր թոռնիկը ստեղծած է Reddit-ը, եւ ով գիտէ, թէ ինչ բարձունքներու պիտի հասնի անոր ծոռնուհին»: