
Կոչ Ամերիկահայ Գաղութին
Հայրենակիցնե՜ր, օգնենք սովամահ, տարագիր հայ ժողովուրդին եւ իր բիւրաւոր որբերուն։
Մեր հայրենիք, քացի եւ դաժան ձմեռուան մը արհաւրիքներէն շրջապատուած է այսօր։ Հարիւրաւորներ՝ ծեր, երիտասարդ, կին ու երեխայ, անպատսպար կը գալարուին մերկ ու բոկոտն. մահը Հայաստանի ծաղիկ կեանքերը կը հնձէ անխնայ եւ անվերջ։ Դարձեալ աղէ՜տ… դարձեալ սո՜վ ու համաճարակ մեր երազներու ոստան, որ տարիներ շարունակ ամենադաժան հալածանքներու, զանգուածային կոտոտածներու յաջորդող մռայլ օրերուն իսկ, մնաց խիզախ ու անսասան, մեր վրիժածարաւ յոյսերը իր վրայ դէպի Արարատ մագնիսացնելով եւ Մասիսի փէշերուն վրայ և Հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարի հնոցին շուրջ հաւաքուած, կեանք տուաւ աւերակներուն, փշրուած խաչքարներուն, շունչ տուաւ մեր դարերու երազին։
Իսկ այսօր, նոյն ժողովուրդը կը հիւծի մերկ ու սոված՝ համաճարակներու ճիրաններուն ենթակայ, իր բիւրաւոր որբերով, որոնք անյուսօրէն կմախքացած՝ կը մահանան անձայն, անշշուկ աչքերնին յառած գալիք կտոր մը հացին։
Ահա եւ կիլիկիան 150 հազատ հայեր նոր մղձաւաջի մը առջեւ…։ Հայ ժողովուրդը, հազիւ վերադարձած տարագրութեան տանջարաններէն՝ դարձալ խուճապ, դարձեալ փախուստ, հինաւորց Տաւրոսի ստորոտէն դէպի անծանօթ հորիզոններ, թափառական եւ քաղցա՜ծ։
Հայրենակիցներ.
Արդ, մենք է որ կը մեռնինք, մեր հայրենիքն է որ կը քանդուի, կ՛ամայանայ իր վաղուակ սերունդէն՝ յենարանէն. փրկենք զանոնք Հայաստանի գոյութիւնը ապահովելու համար, քանի դեռ ուշ չէ։
Ամերիկահայ գաղութը, որ բազմիցս հայ ցաւերուն կարիքներուն հանդէպ իր զոհողութեան բաժինը բերած է լիուլի, կը հաւատանք, որ այս անգամ եւս պիտի կատարէ իր նուիրական պարտքը։
Այս յոյսով քաջալերուած, Հայ Կարմիր Խաչի Կեդրոնական վարչութիւնը անմիջապէս հետեւալ գումարները ղրկեց. $1000 Հայաստան, $500 Մերսին, $500 Պէյրութ եւ $300 Պարսկաստան եւ նկատելով, որ ասոնք շատ համեստ գումարներ են բաղդատմամբ կարիքին, որոշեց յայտարարել «Կաղանդի Նուիրատութեան Օր» ամբողջ ամերիկահայութեան համար։
13 Յունուար 1922, թիւ 818