ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նամակ յղեց Ետինայա Ռոսիա կուսակցութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին՝ խիստ բողոք յայտնելով կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վիթալի Միլոնովի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան գծով: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
Մինչ այդ, Հոկտեմբեր 2020ին` 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը Ռուսիոյ պատգամաւորը ներառեց «սեւ ցանկ»ին մէջ՝ Միլոնովի Արցախ այցելութիւնը որակելով «անպատասխանատու քայլ, որ կը հակասէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու` Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշման»:
Ռուսիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը 2021ի աւարտին դարձեալ այցելեց Ստեփանակերտ:
«Հաճոյքով հանդիպեցայ Արցախի նախագահ Արայիկ Վլատիմիրի Յարութիւնեանի հետ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ քննարկուած են «իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, հանրապետութեան մէջ յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին տաճարներու, քրիստոնէական համայնքներու պահպանման եւ վերականգնման անհրաժեշտութիւնը»: