ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Ուրբաթ, 7 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսըը, իր իսկ նախաձեռնութեամբ, այցելեց Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ ապրող առաւել քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու տուները: Վեհափառին կ՛ընկերանային Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախկին նախարար ու Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան։
Արդարեւ, յիշեալ շրջանը Պուրճ Համուտի ամէնէն համեստ շրջանն է, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայ ընտանիքները կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ: Հայրապետը օրհնեց շրջանի ժողովուրդի զաւակները, գնահատեց անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը եւ վստահեցուց, որ «մեր եկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ամէն իմաստով, զօրավիգ կը կանգնի իրենց՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալով մեր ժողովուրդի կարիքներուն»։
Իր այցելութեան աւարտին Արամ Ա․ կաթողիկոսը նուէրներ փոխանցեց օժանդակութեան յատուկ յանձնախումբին՝ բաժնելու համար մեր ժողովուրդին: