ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Կաղանդի առթիւ ձեզի ներկայացուած Արամ Հայկազի «Ապրող Ծառ»ը, իր «Ապրէք Երեխէք» հատորէն առնուած, առիթ կու տայ քանի մը խորհրդածութիւններու:
Նախ՝ անգամ մը եւս կը ժպտինք Ա. Հայկազի յատուկ «հիւմըր»ին հանդիպելով. կնոջ հետ խօսակցութեան ընթացքին կրկին ի յայտ կու գան կատակախառն դիտողութիւնները, որոնք հաճելի ու թեթեւ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն: Նմանօրինակ տպաւորութիւն մը կ՛ունենանք նաեւ, երբ ան «քաղաքացիական ընկերութեան» իր երկու գործակցուհիները կը նկարագրէ: Տղամարդու մը կողմէ արտայայտուած սիրաբանական (flirtatious) խօսքերը մեր օրերու ընթերցողին համար կրնան տարօրինակ թուիլ, նոյնիսկ՝ զգայացունց. «վա՛յ Արամ Հայկազ, վա՛յ» կրնայ բացագանչել նոր դարու հայուհին. «ինչպէ՞ս համարձակած է այսպիսի խօսքեր ըսել օրիորդներու հասցէին…»: Բայց «Ես ալ» (Me too) շարժումը քիչ մը հեռուէն դիտող մը կը գիտակցի դարաշրջաններու փոփոխութեանց եւ հաճոյքով կը փոխադրուի ա՛յդ ժամանակահատուածը, ուր տղաքը կրնային համակրանքի մտածումներ ունենալ եւ արտայայտել, իսկ իգական սեռը կ՛ախորժէր տղամարդու գողտրիկ նայուածքէն:
Հիւմըրին զուգահեռ կ՛ընթանայ Երկրին, անոր գիւղական տեսարաններուն, հօրենական տան կարօտի դրսեւորումը: Թէեւ շա՜տ նուրբ ձեւով «սահած» տողերուն ընդմէջէն՝ ան ինքզինք կը զգացնէ ամէնասուր ձեւով: «Ձիւնապատ, սպիտակ Ծնունդի մեր երազը իրականացաւ: Լեռնային Հայաստանի ձմեռներու ձիւնին պէս իրաւ ձիւն մը, խոշո՜ր, թաւ փաթիլներով պատեց գիւղն ու անդերը», կ՛ըսէ տեղ մը. այլ տեղ մը կը նշէ. «ձիւնհալէն հարստացած կապոյտ առու մը կայ, աճապարող. քիչ մը վարը՝ ցանկապատ մը, որուն երբ կռթնելու ըլլամ ու աչքերս գոցեմ, կոպերուս ինկող արեւուն տակ հօրենական տունս կը յիշեմ…»:
Պէտք չէ մոռնալ, որ «Ապրէք Երեխէք» գործին հեղինակը գրած է նաեւ «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն» մէջ գործը եւ որքան ալ փորձէ ապրիլ ամերիկեան իր նոր միջավայրին մէջ, շփուիլ բանէ բամպակէ անտեղեակ, բարի եւ միամիտ ամերիկացիներու հետ, ուղեղին մէկ անկիւնը ծուարած կը մնան տեղահանութեան փոշոտ ճամբաները, մօրմէն բաժնուիլը, որբ մնալը եւ չորս տարի շարունակ՝ իսլամացած ձեւացնելը… յետադարձ ու փայլատակող այդ տեսարանները յանկարծ կը յայտնուին ու կը զգացնեն իրենց մնայուն ներկայութիւնը, որպէս հոգեխոց, նոյնիսկ երբ՝
– Ա՛յ մոռցիր հինը, ետեւդ մի՛ նայիր միշտ, երբեմն ալ առջեւդ նայէ՛, կ՛ըսէ կինը.
Այս պատմուածքին գլխաւոր առանցքը մրցանակ մըն է: «Քաղաքացիական ընկերութիւնը» պարտականութիւն տուած է Արամ Հայկազին եւ երկու ամերիկուհիներու՝ Հէլընին ու Մատլէնին, պտտիլ գիւղի թաղերուն մէջ եւ որոշել, թէ ո՞ր տան տէրը կամ տիրուհին ամէնէն լաւը զարդարած է տան առաջամասը կամ հոն եղող ծառը: «Ու ես, այս շարականը օրհներգող դարաւոր Հայ Եկեղեցիին պանդուխտ մէկ զաւակը, կէս գինով ու յուզումնահար, երկու աղջիկներու հետ, օտար՝ բայց սրտբաց ու հիւրընկալ երկրի մը աննշան մէկ գիւղին փողոցներն եմ ինկած, իբրեւ դատաւոր:»
Մէկ նախադրեալ կայ սակայն, որ հրաշալիօրէն կը համընկնի մեր այսօրուան բնապահպանական պայմաններուն. «Ծառերը, մեր գիւղի բնակիչներուն համար ապրող էակներ էին», կը գրէ Ա.Հայկազ. «ծառ մը կտրելը ապրող էակ մը սպաննել կը նշանակէր անոնց համար», ու կը բացատրէ, թէ իրենց խումբը որոշած էր մետալը շնորհել ապրո՛ղ ծառ մը զարդարած անձի մը…:
Բաւական երկար շրջելէ ետք գիւղին մէջ ու Սուրբ Ծնունդին խորհուրդին նուիրուած բաւական տպաւորիչ կամ նուազ տպաւորիչ զարդարուած ծառեր կամ մսուրներ քննելէ ետք, անոնք կ՛որոշեն մրցանակը յանձնել դարբին Ֆլէնիկընին, որուն տան առջեւ գտնուող ծառը հիւանդ կը թուէր եւ առանց ճաշակի յարդարուած էր, բայց ուրկէ կը ժայթքէին ապրո՛ղ որբերու ուրախութեան ճիչերը: Դարբին Ֆլէմինկըն եւ իր կինը Ծնունդի առթիւ որբանոցէն բերած էին որբեր եւ պաղպաղակ ու կարկանդակ հրամցնելով անոնց, իսկապէ՛ս ստեղծած էին ապրող ծառ մը, ոչ միայն՝ շնչաւոր, ուրա՛խ էակներով, այլ Ծննդեան բո՛ւն իմաստի վերակենդանացումով:
Արամ Հայկազի համար ա՛լ աւելի խորունկ նշանակութիւն կը կրէ այս մետալի յանձնումը, որովհետեւ այդ արարքին ընդմէջէն կը յիշէ իր եւ իր նմաններուն որբութիւնը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի միսիոնարներու երկարած ձեռքը՝ հազարաւոր հայ որբերու:
Ապրող ծառեր պէտք է ստեղծենք մե՛նք եւս այսօ՛ր, սիրելի՛ ընթերցողներ:
Երբ տաքուկ են մեր տուները եւ կրակը կը ճարճատէ մեր վառարաններուն մէջ, երբ առատ ուտելիքները ծածկած են մեր սեղանները այս տարի, վայրկեան մը կենա՛նք ու յիշե՛նք այն բոլո՜ր հայրենակիցները, որոնք Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ պէտք ունին դարբին Ֆլէմինկընի եւ իր կնոջ նման անձնուէր անհատներու:
Կեանքե՜ր փրկե՛նք, կարիքաւոր ընտանիքնե՜ր ոտքի հանե՛նք:
Ապրող ծառե՜ր ստեղծե՛նք:
Շնորհաւոր նոր տարի եւ սուրբ Ծնունդ՝ բոլորիդ:
* * *
Ապրող Ծառ
(«Ապրէք, Երեխէ՛ք» հատորէն, 1973)
Գեղի մեր նոր տունը փոխադրուելէ ետք, հազիւ-հազ տեղաւորուած՝ ես ինկայ շրջակայ դաշտերն ու հանդերը: Կ՛ուզէի ծանօթանալ անոնց, ուսումնասիրել զանոնք, բարեկամութիւն հաստատել հետերնին… Այս արշաւանքները այնքան շատցան ու յաճախակի դարձան, որ օր մը, տիկինը ըմբոստացաւ:
– Ամէն գործ վրաս ձգած, գլուխդ առած կը կորսուիս ժամերով, չես ըսեր, թէ այս աղջիկը օգնութեան պէտք կ՛ունենայ, մինակ չձգեմ… եթէ գիտնայի գլխուս գալիքը, եթէ գիտնայի, թէ այսպէս պիտի ըլլար, տեղէս չէի շարժեր… Իմ ինչո՞ւս պէտք գեղ գալը, – ըսաւ, քիթն ու բերանը ծմռտկելով:
– Մի՛ նեղանար, բալի՛կս, ճանի՛կս, – ըսի զինք ողոքել ջանալով , – ի՛նչ գործ որ կ՛ուզես՝ ընեմ, ի՛նչ բանի, որ կ՛ուզես՝ օգնեմ. ըսէ՝ ընեմ… գիտեմ, դաշտերը չեն փախիր, արտերը միշտ իրենց տեղերն են ու հովերը միշտ կը փչեն, բայց…
– Բայց ի՞նչ…
– Բայց ա՛յն, որ համայնապատկերը միշտ, օրէ օր, ժամէ ժամ, նոյնիսկ, կը փոխուի: Օրինակ, ագարակապան Պրաունի հիւղակին քով փլած քարէ պատ մը կայ, պատին քով՝ դեղձի ծառ մը. հիմա այդ ծառը ծաղկած է ու անոր վար կախուած ճիւղերը այդ փլած պատին վրայ նետուած՝ ծաղկազարդ սպանական շալի մը պէս են: Առջի օր, մեղուներ տեսայ անոր շուրջ, եւ կռնակը արեւին տակ տաքցնող մողէզ մը… հարիւր քայլ անդին, ձիւնհալէն հարստացած կապոյտ առու մը կայ, աճապարող. քիչ մը վարը՝ ցանկապատ մը, որուն երբ կռթնելու ըլլամ ու աչքերս գոցեմ, կոպերուս ինկող արեւուն տակ հօրենական տունս կը յիշեմ…
– Ա՛լ մոռցիր հինը, ետեւդ մի նայիր միշտ, երբեմն ալ առջեւդ նայէ. վաղը միւս օր, երբ տղադ լեզու եւ ոտք ելլէ, հօրենական տունէն յիշատակներ հաւաքելու կարգը իրեն պիտի գայ… Ա՛լ տղայ չես, ի՛նքդ տղու տէր՝ հայր ես…
– Աղէկ, որ դուն կ՛ըսես. իմ ուզածս ալ այդ է ահա… Երբ քու ըսած օրդ գայ, իբրեւ հայր, թաթիկէն բռնած՝ հետս դաշտ պիտի տանիմ զինք… ու երբ յոգնին իր պզտիկ ոտքերը, գիրկս կամ կռնակս պիտի առնեմ զինք… իրեն պիտի գնեմ նաեւ շուն մը…
– Ի՞նչ մը…
– Շուն մը: Շուն մը, որ ընկեր ըլլայ իրեն, հետը վազվզէ դաշտերուն մէջ, հսկէ վրան, ձեռքի հացը գողնայ ու լափէ, քիթն ու բերանը լիզէ, իրեն համար պոչը շարժէ, յետոյ, երբ ես ժողովի համար կամ ուրիշ գործով, ուշ տուն գամ գիշերները, ընկե՜ր ըլլայ քեզի, մինակ չմնա՜ս:
Աս որ ըսի, իր ձայնը շուն տեսած կատուի կռնակի պէս, բարձրացաւ.
– Հիմակուընէ՞ միտքս կը պատրաստես ուշ տուն գալիք գիշերներուդ համար, հա՞…
Ի՞նչ կրնայի ընել… կնոջ հետ ո՞վ էր գլուխ ելեր, որ ես ելլէի. ձայնս կտրեցի ու համակերպեցայ:
Շատ արգահատելի ու սրտաբեկ վիճակ մը ունենալու էի ամբողջ յետմիջօրէին, որովհետեւ իրիկուան դէմ, երբ պատառ մը բան ուտելէ ետք, լրագիրս առած մէկ կողմ քաշուեցայ, քովս եկաւ, նստաւ բազկաթոռիս թեւին վրայ, ձեռքը դրաւ ուսիս ու հակեցաւ վրաս:
– Ճերմակ մազերդ շատցե՜ր են…
– Հաշտուիլ կ՛ուզէ, Արամ, խելքդ գլուխդ ժողվէ, – ըսի ես ինծի, – ու ձայն չհանեցի, չլսելու եկայ իր դիտողութիւնը:
– Ըսի, թէ մազերուդ մէջի ճերմակները շատցե՜ր են, – կրկնեց ան, կզակէս բռնելով ու դէմքս իրեն դարձուցած՝ աչքերուս մէջ նայելով:
– Լսեցի: Ի՞նչ ընեմ, փետտե՞մ… ու գիտցած եղիր, դո՛ւն ես պատասխանատու անոնց անժամանակ ճերմկելուն:
– Եթէ ձգեմ, որ ուզածիդ չափ դաշտերն ու լեռները իյնաս, անոնք կը սեւնա՞ն…
– Չէ՛, ալ բանը բանէն անցած է, ճերմակները կը մնան ճերմակ, բայց մնացած սեւերը, գէթ ժամանակի մը համար, կը մնան սեւ:
– Է՛, աղէ՛կ, որպէսզի տեսնողները չըսեն, թէ սա աղջիկը ճերմակ մազերով ծեր ամուսին մըն է առեր, կը թոյլատրեմ, որ ուզած ատենդ եւ ուզածիդ չափ երթաս դուրս: Միայն թէ՝ շուն չբերես տուն:
– Չէ՛, չեմ բերեր:
Հաշտութեան ծիածանը կամարուեցաւ երկուքիս վրայ. թեւերուս մէջ առած՝ սեղմեցի զինք, մինչեւ որ ոսկորները ճարճատեցան ու շունչը կտրեցաւ. այն ատեն համբուրեցի զինք ու նետուեցայ դուրս:
Մեղմ ու գաղջ հով մը կար: Մեր դրան առջեւի մեծ բարտիին նորաբաց տերեւները իրարու եկած, փսփսուքով, մէկը կը բամբասէին:
Թերեւս ալ՝ զիս, մե՛զ:
Հո՜գս…
***
Օր մը, մեր տան դուռը զարնուեցաւ:
Բացի: Երեք դրացիներ էին. ագարակապաններ Պրաուն, Մալիկըն եւ ճաշարանապետ Կիւկընհայմըր:
– Հրամմեցէ՛ք, հրամմեցէ՛ք, come in, please , – ըսի ես՝ անոնց քիչ մը վարանոտ ու շփոթած դէմքերուն նայելով:
Դրան առջեւ ձգուած գորգի կտորին վրայ ոտքերնին խնամքով սրբեցին ու մտան ներս:
Տիկնոջ հետ ծանօթացուցի զանոնք ու պատուիրեցի, որ սուրճ պատրաստէ:
– Նեղութիւն մի՛ քաշէք, երկար մնալու չենք, – ըսաւ Մր. Կիւկընհայմըր, – գործով եկած ենք:
«Ասոնց հետ ես ի՞նչ գործ կրնամ ունենալ», մտածեցի ես ինծի, ու սպասեցի, որ խօսին:
– Ուէ՜լ, – սկսաւ Մր. Մալիկըն, նստած աթոռին վրայ շարժտկելով ու մատներով ականջին բլթակը վար քաշելով , – եկանք նախ ձեզի «բարի եկաք» ըսելու. մենք, մեր գիւղին մէջ մէկ ընտանիքի պէս ենք. բոլոր մարդերը իրար կը ճանչնան ու «բարի լոյս» կ՛ըսեն իրարու: Քաղաք բնակողներու պէս չենք, որ չգիտնանք, թէ քովդ ո՞վ կը բնակի, կամ յարկ մը վերը կամ յարկ մը վարը բնակողները ինչենի՞ են… գո՞ղ, աւազա՞կ, մաքսախո՞յս, դրամանե՞նգ, թէ պարկեշտ ու աստուածավախ, օրինապահ քաղաքացիներ: Մենք շինական պարզ մարդիկ ենք, քիչ պահանջներով ու քիչ երազներով: Հողէն ու արեւէն կը ստանանք մեր ապրուստը: Մեր դպրոցը, ուր մեր զաւակները կ՛ուսանին, ու մեր ժամը, ուր մենք կ՛աղօթենք, մե՛րն են, բոլորիս: Կ՛առաջնորդուինք միեւնոյն շահերէն ու մէկուս վնասը՝ ամէնուս վնասն է. մեզմէ մէկուն ենթարկուած դժբախտութեան համար բոլորս ալ կը ցաւինք… Համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց տէր կանգնելու համար միութիւն մը ունինք. Կ՛ուզենք, որ անդամագրուիք անոր: Բոլոր վարչական պաշտօնները ընտրովի են եւ վճարովի չեն: Մեծ ծախսեր չունինք: Տարեկան անդամատուրքը միայն մէկ տոլար է:
Այդ պահուն, տիկինը, սուրճի ափսէն ձեռքը, հետն ալ պաղ ջուր ու լոխում, ներս մտաւ: Հրամցուցինք: Առաջ ես առի ու կերայ, որ գիտնան, թէ ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս պէտք է ուտեն… Սուրճէն կում մը առի, դրի քովս եւ երկու խօսքով տիկինին բացատրեցի մեր դրացիներուն այցելութեան պատճառը:
Երբ լսեց, թէ տարեվճարը միայն մէկ տոլար է, դէմքը պայծառացաւ:
– Sure, թող անդամագրուի, why, ես միշտ ըսած եմ, որ բարի դրացին ազգականէ աւելի կարեւոր է, ամուսինս civic minded է, իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ:
Ուրախացան հիւրերը:
– Ժողովները կը գումարենք ամիսը անգամ մը, Մր. Կիւընհայմըրի տան գետնայարկին մէջ. կապելայի (գինետուն) պէս կահաւորուած է ու անհրաժեշտ բոլոր բաները ունի իր մէջ…
Շեշտէն հասկցայ, որ եթէ Մր. Մալիկըն իր ըսածները գրի առնէր, «բոլոր բաները» բառերուն տակ պիտի քաշէր թանձր գիծ մը…
– Sure civic minded եմ, sure, պարտականութիւնս պիտի կատարեմ, – ըսի ես եռանդով, ու հաճոյքով խորհեցայ Մր. Կիւկընհայմըրի տան գետնայարկը գտնուող «բոլոր բաներուն» վրայ:
Երբ երթալու համար ոտքի ելան, հետերնին իջայ վար ու դրան առջեւ իրենց ձեռքերը հերթով սեղմելով, զանոնք ճամբու դրի:
Արտի մը վրայէն օդանաւի մը շուքը կ’անցնէր, ու անոր աղմուկը, ուղիղ գիծով մը, կը կարէր երկնքի կտաւը:
***
Լման տարուան մը մէջ, մեր ակումբը երեք գործ գլուխ հանեց.
Ա. Բոլորիս ստորագրութեամբ դիմումնագիր մը ուղարկեցինք քաղաքի ճամբաներու վարչութեան, պահանջելով, որ երկաթուղիի կայարանը մեր գիւղին կապող ասֆալթէ ճամբուն վրայ բացուած փոսերը անմիջապէս նորոգուին:
Բ. Երեք հոգինոց ժիւրի (դատակազմ) մը կազմելով, գիւղի տուներուն շուրջ ամէնէն խիտ ու կանաչ մարգ բուսցնող անձին ու ամէնէն խոշոր դդումը արտէն տուն բերողին մրցանակներ տուինք, եւ՝
Գ. Ծնունդի գիշերը ամէնէն լաւ ծառ յարդարողին մետալ, պատուոյ խաչ տալ քուէարկեցինք:
Այս խաչ տալու գործը արուեստի հետ կապ ունենալուն համար, վստահուեցաւ ինծի եւ օրիորդներ՝ Մատըլէն Օ՛Քանըրի եւ Հելըն Ուաթսընի, երկուքն ալ՝ քոլէժի ուսանողուհիներ: Այս ընտրութիւնը, խոստովանիմ, չափազանց ուրախացուց զիս, բայց ոչ՝ տիկինը, որ ուրիշ ամէն կնոջ պէս, ուրիշ ամէն կնոջ մէջ ոսոխ ու մրցակից մը միայն կը տեսնէր:
Եւ իրաւունք ալ ունէր: Այնքա՜ն սիրուն էին անոնք, որ եթէ անոնց մասին բոլոր մտքէս անցուցածներս ամբողջութեամբ եւ անկեղծութեամբ գրէի գրքի մը մէջ, հազիւ թէ գրաքննիչ պաշտօնեան անոր վաճառումը արտօնէր կարգ մը մաքրակրօն քաղաքներու, օրինակ՝ Պոսթընի մէջ…
Մատըլէն, նոր բացուած գարնանային առաւօտի մը պէս, թարմատի աղջիկ մըն էր, կապոյտ աչքերով, շէկ, սլացիկ, սպիտակ մորթով աղջիկ մը: Ձայնը, ձիւնին մէջէն անցնող առուի մը կարկաչին պէս ներդաշնակ էր, ու ժպիտը՝ մեղրի քաղցրութիւնով օծուն: Սրտբաց էր, համարձակ, միամիտ ու բարի:
Մի՞ւսը, Հելէ՞նը. իրական Լիլիթի աղջիկ: Կարծես թէ հեքիաթի էակին պէս, Աստուած զինք շինած պահուն, քիչ մը վագրէն կաւ էր առած, քիչ մը յովազէն, քիչ մը տատրակէն, քիչ մը գառնուկէն, քիչ մը օձէն, քիչ մը եղնիկէն, քիչ մը կարապէն ու քիչ մըն ալ հրեշտակներու յատկացուած կաւէն: Այս բոլորը ան խառնած էր իրարու: Սուրբ աջը թաթխած շնորհի, քաղցրութեան, առողջութեան, իմաստութեան եւ կանացիութեան ջուրերը պարունակող աւազաններուն մէջ, մեծ խնամքով շաղուած կաւը, խառնած իրարու, ուշադրութեամբ ձեւ տուած անոր, ու վրան փչած:
Ու ահա՛ ծնած էր Հէլընը: Կատարելիութիւն մը:
Հէլը՜նը, որ շատերու երջանկութեան եւ դժբախտութեան աղբիւրն էր միաժամանակ:
Զինք սիրողները, որոնք համրանք չունէին, իր ներկայութեան երջանիկ էին, ու իր բացակայութեան՝ կարօտով դժբախտ:
Հիմա իսկ, գրեթէ քսան տարի ետք, երբ չոր սենեակի մը մէջ նստած անոր մասին մտածեմ ու կը գրեմ, ծաղկի բուրումով շրջապատուած ըլլալու զգայնութիւն մը կ՛ունենամ:
Բարի դիպուածը կամ բախտն էր, որ դրաւ զանոնք ճամբուս վրայ իբրեւ ընկեր, որովհետեւ Ծնունդի գիշերը, երբ երկինքէն վար իջնող ձիւնը գիւղէն մարմարէ ձեւուածի երեւոյթը տայ, ու հրեշտակները վար, երկիր իջնեն Փրկիչը Ծնունդը աւետելու մարդկութեան, երբ Ծնունդի ծառերուն լոյսերը վառուին փողոցներուն մէջ , անոնք՝ Հէլընն ու Մատըլէնը, ու ես, երեքով, ու թերեւս ալ թեւանցուկ պիտի քալենք ձիւնի լոյսով կապոյտ փողոցներուն մէջ ու տօնածառերու գեղեցիկն ու ճաշակով յարդարուածը, ամէնէն ինքնատիպը ու օրուան խորհուրդին արտայայտիչը գտնելով, մեր «սիվիգ Էսոսիէշըն»ի տարեկան մետալը պիտի տանք զայն յարդարողին:
Ակումբը, մեր ընտրութիւնը առաջնորդող, մէկ պայման ունէր. եթէ մրցանակը ծառի մը տայինք, այդ ծառը պէտք է որ ըլլար ապրող ծառ մը, պարտէզի մը մէջ կամ դրան առջեւ բուսած, արմատները սեւ ու խոնաւ հողին մէջ խրած ծառ մը. ոչ թէ բարբարոսի մը կացինով հեռաւոր անտառէ մը կտրուած ու գիւղ բերուած մայրի մը, որ տօնական օրերէն ետք, անխուսափելիօրէն պիտի նետուէր փողոց՝ կամ քաղաքապետութեան աղբատար կառքին վրայ…
Ծառերը, մեր գիւղի բնակիչներուն համար, ապրող էակներ էին, ու ծառ մը կտրելը ապրող էակ մը սպաննել կը նշանակէր անոնց համար:
– Կ՛ապրինք խաղաղութեան մէջ: Դաշտերէն կը քաղենք մեր ծաղիկները. կը մշակենք հողը, որ մեր հացը կու տայ. կովերու կաթէն կը ստանանք մեր իւղը – մեր պապերը ձիթենիներ կը կթէին – ու խաղողը կը լեցնէ մեր կարասները. ալ ի՞նչ կը պակսի մեզի երջանիկ ըլլալու համար, – ըսաւ օր մը, մեր գիւղի իմաստուն երէցը:
Ու ամէն մարդ կը մտածէ երէցին պէս:
Եւ ահա ակումբին պայմանը.
Մետալը տալ ապրող ծառի մը:
***
Ձիւնապատ, Սպիտակ Ծնունդի մեր երազը իրականացաւ: Լեռնային Հայաստանի ձմեռներու ձիւնին պէս իրաւ ձիւն մը, խոշո՛ր, թաւ փաթիլներով պատեց գիւղն ու անդերը: Մեզ շրջապատող ու տարիներու բարեշրջումէն կլորցած ուսերով բլուրները ամբողջովին ճերմկեցան ու տեղ-տեղ երկինքին խառնուեցան. ծառերն անգամ ծերացան ու խոհուն գլուխնին կախեցին վար: Լռութիւնը այնքան խորունկ էր, որ ոստի մը վրայ դիզուած ձիւնին վար իյնալու շշուկն իսկ կը լսուէր, ու արեւուն մարը մտնելէն ետքն իսկ կրնայիր ձիւնի լոյսով կարդալ…
Խաղաղ գիշեր էր,
Մարմարէ գիշեր:
Ծնունդի գիշեր:
Դարեր առաջ, հեռու տեղ մը, մսուրի մը մէջ Մանուկ մը ծնաւ:
«Ծնաւ նոր արքայ, ի Բեթղեհէմ քաղաքին. Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ»:
Ու ես, այս շարականը օրհներգող դարաւոր Հայ Եկեղեցիին պանդուխտ մէկ զաւակը, կէս գինով ու յուզումնահար, երկու աղջիկներու հետ, օտար՝ բայց սրտբաց ու հիւրընկալ երկրի մը աննշան մէկ գիւղին փողոցներն եմ ինկած, իբրեւ դատաւոր:
Ըստ պայմանի, Մատըլէնն ու Հելընը հետս են:
Կը սկսինք գիւղի կեդրոնական փողոցէն, ուր հարուստներ կ՛ապրին:
Եղջերուներն ու բալխիրը (սահնակ) պատին տակ ձգած, նուէրներու պարկը ուսին, ուսերուն ու մօրուքին ձիւն, ահա ծխնելոյզէ մը վար իջնելու վրայ է Կաղանդ Պապան: Ալեծուփ, մովսէսեան մօրուք ունի ու լայն ուսեր. շապիկը կարմիր է, քիւի (տանիքին եզերքը) մը տակ վարպետօրէն թաքնուած լուսարձակ մը կը խաղայ այդ բոլորին վրայ:
Երեքով կանգ կ՛առնենք: Կը նայինք, կը նոթագրենք ու կ՛անցնինք:
Ահա աւելի քան կէս ժամ է փողոցներն ենք արդէն ու մեր նոթատետրին առաջին էջը լեցուած է: Դժուարութեան առջեւ ենք: Կը զգանք այդ բանը, բայց չենք խօսիր, չենք վիճիր, իրարու կարծիքին ու վճիռին վրայ ազդել չենք փորձեր. կը նոթագրենք ու կ՛անցնինք:
Պաղ քամի մը կայ ու ձիւնը կը կճրտայ մեր ոտքերուն տակ:
Ահա եւ երէցին տունը: Դրան առջեւ, արմատները սեւ ու արգասաբեր հողին խրած, շքեղ մայրի մը կայ. վրան կապոյտ լոյսի անհամար կտուցներ: Ծառին տակ՝ Բեթղեհէմի մսուրը, ընծայ բերող երեք մոգերով ու մսուրին մէջ հանգչող Մանուկ Յիսուսով: Անոր վրայ հակած է կապոյտ լաչակով Աստուածամայրը ու կը ժպտի ինքնագոհ:
Գոմի խորքին հազիւ երեւցող կով մը, ու Մանկան ոտքը հոտուըտացող սպիտակ գեղմով (բուրդ) գառնուկ մը կ՛ամբողջացնեն պատկերը:
Ա՜, բայց մոռցա՛յ, Արեւելքի մէջ ճամբորդներու յատուկ կորագլուխ գաւազանը ձեռքը, Յովսէփն ու իր խոկուն դէմքով աւանակն ալ հոն էին…
Քիչ կը մնայ, որ ծնրադրենք ու աղօթենք: Յուզուած ենք: Քրիստոնեան արթնցած է մեր մէջ, ինչպէս նաեւ՝ դարերու խորքէն մեզի հասնող տօնական օրուան անըմբռնելի խորհուրդը:
Կը նոթագրենք ու կ՛անցնինք:
Ահա հասած ենք գիւղի փէշերուն, երկաթուղագծին մօտերը, ուր աղքատ մարդիկ կ՛ապրին:
Կը քալենք արագ, որովհետեւ ո՛չ միայն մսած ենք ու քիչ մըն ալ թրջուած, այլեւ ուշագրաւ բան մը չկայ հոն: Կարմիր ժապաւէնով կանաչ պսակ մը կախուած է դուռնէ մը. ուրիշ տան մը ուռնակէն (դռնահար), Յովհաննէս Մկրտչի գլխուն պէս գլխատուած Կաղանդ Պապայի մօրուեղ գլուխը կը նայի մեզի. պատուհաններու ափերուն շարուած կեղծ մոմեր ու մոգերը առաջնորդող գիսաւորը (պոչաւոր աստղ)՝ տանիքի մը վրայ հովահարի մը պէս երկայն ու լայն պոչով:
Կը դառնանք ետ:
– Մեզի երթանք ու քիչ մը տաքնանք, մէկ-մէկ բաժակ գինի խմենք, կ՛ըսեմ ես:
Կը համաձայնին, ու սիրտս դող կ՛ելլէ: Կ՛անցնինք դիմաց, մեր փողոցը մտնելու համար: Դարբին Ֆլէնիկընի դրան առջեւ, հիւանդ ծառի մը կոտրտուած ճիւղերուն վրայ խառնիխուռն նետուած են բազմաթիւ լոյսեր. դասաւորում ու ճաշակ չկայ բացարձակապէս… տան վերնամասը մութ է ու լուռ: Բայց գետնայարկի պատուհաններէն պայծառ լոյսեր կը յորդին, ու լոյսէ սիւներ կ’իյնան դուրսը դիզուած ձիւնի սպիտակութեան վրայ:
– Հէ՜յ, ի՞նչ կ’անցնի- կը դառնայ հոս…
Կը մօտենանք պատուհաններէն մէկուն ու բամբասողներու պէս մեր երեք գլուխները իրարու բերած, ու մէջքերնիս ծուռ, կը նայինք ներս:
Անշուք սրահը, գունաւոր ժապաւէններով ու պատկերներով տօնազարդուած է ու լեցուն է աղմկող մանչերով: Բոլորն ալ թղթէ գունաւոր գլխարկներ կը կրեն ու թեւերու տակ ամուր սեղմուած ծրարներ ու խաղալիքներ ունին. ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, լուսաշող, անվիշտ տղու դէմքեր:
Շտկուեցանք, ու երեքով, գրեթէ միասին, ըսինք.
– Նե՛րս երթանք:
Մատս դրի զանգակի կոճակին:
Լսո՜ղն ով է…
– Ուժո՛վ կոխէ, – ըսաւ Մատըլէն:
– Անօգուտ է, այնքան աղմուկ կայ վարը, որ…
– Թերեւս զանգակը աւրուած է, չի գործեր:
– Չէ՛, կեցէ՛ք, ես գիտեմ ինչ ընելս:
Մօտեցայ պատուհանին, ծռեցայ վար ու մատով թմբկահարեցի ապակիին վրայ:
Սրահին մէջ յանկարծ լռութիւն տիրեց ու բոլոր գլուխները դարձան դէպի պատուհան: Նշանացի հասկցուցի ինչ ուզելս, ու դարբինին տղան՝ պզտիկ Մայքը, եկաւ բացաւ դուռը:
– Մա՛յք, կրնա՞նք ներս գալ, ի՞նչ կ’անցնի- կը դառնայ… Այդ վարի տղաքը ուրկէ՞ գտաք:
– Հայրս որբանոցէն բերաւ, ու անոնց «փարթ»ի կու տանք:
Գետնայարկ առաջնորդող նեղ սանդուխներէն մեծ զգուշութեամբ իջանք վար, լուսաշող սրահը:
Տիկին Ֆլէնիկըն, մսագործի խոշոր դանակ մը ձեռքը, ծռած էր մէկ մեթր տրամագծով կարկանդակի մը վրայ ու կը ջարդէր զայն: Մր. Ֆլէնիկըն, իրական, վաւերական Կաղանդ Պապայի ծաւալին հասնելու համար, հագած կարմիր շապիկին տակէն փորին ու կռնակին բարձեր կապած, շերեփը ձեռքը, հակած էր պաղպաղակի դոյլի մը վրայ ու առատաձեռնութեամբ պաղպաղակ կը լեցնէր, տղոց իրեն երկարած պնակներուն մէջ:
Իր կեղծ մօրուքը ծռած էր, ու զայն կզակին կապող չուանի կտորները կ’երեւէին ականջներուն վերեւ, բայց իր հոգը չէր:
– Կերէ՛ք, տղաք, բայց կամաց կերէք, որ փորերնիդ չցաւի ու նորէն ուտէք, շա՜տ կայ դեռ:
Գլուխը վերցուց, ու մեզ տեսնելով ժպտեցաւ:
– Բարի էք եկեր, ձեզի ալ տա՞մ:
Մատըլէնը աջ կողմս էր, Հէլընը՝ ձախ: Թեւերս բացի, դրի անոնց մէջքերուն եւ քաշեցի մէկ կողմ:
Մեր գլուխները իրարու բերինք ու փսփսացինք:
Յետոյ՝ գրպանէս մետալը հանելով տուի Հէլընին:
Հէլընը, մանուկներու զարմանքէն լայն բացուած աչքերուն առջեւ, զայն կախեց Մր. Ֆլէնիկընի վզէն, զայն թուշէն համբուրեց ու ըսաւ.
– Մեր գիւղի «Սիվիգ Էսոսիէշըն»ի մետալն է:
Տղաքը «հուրրէ՜յ» պոռացին ու ծափահարեցին խանդավառ, ու Մր. Ֆլէնիկըն թուքը արագ-արագ քանի մը անգամ կուլ տուաւ: Իր ծռած, երկար մօրուքին տակէն տեսայ, որ իր ադամախնձորը քանի մը անգամ ելաւ-իջաւ. բերանը բացաւ, որ բան մը ըսէ, բայց բառ չգտաւ ու լռեց:
Տիկին Ֆլէնիկըն գոգնոցին պոչով քանի մը անգամ աչքերուն անկիւնները սրբեց ու պատանի Մայքը երեք պնակ կարկանդակ ու պաղպաղակ դրաւ մեր դիմաց:
Կէս գիշերը շատո՜նց անցած էր, երբ մեկնելու համար ոտքի ելանք: Մր. Ֆլէնիկըն ինքզինք գտած էր: Մինչեւ փողոց ընկերացաւ մեզի՝ իրեն ըրած պատիւին համար:
– Մինչեւ կեանքիս վերջին օրը պիտի չմոռնամ,– ըսաւ ու նորէն յուզուեցաւ:
– Արժանաւորագոյնն էր, – ըսինք իրեն:
– Շնորհակալ եմ, շնորհակա՞լ…
Ձիւնը դադրեր էր ու երկինքը պարզուեր: Բոլոր աստղերը իրենց տեղերը ներկայ էին: Միայն քիչ մը աւելի փայլուն ու քիչ մը աւելի մօտ ըլլալ կը թուէին: Կարծես վար իջած՝ կը թարթէին, ճիգ կ’ընէին տեսնելու այն մոլորակը, ուր, դարեր առաջ, Աստուածորդի մը ծնած էր…
Ու դարբինի տան գետնայարկի պատուհաններէն, տղոց անզուսպ ուրախութեան աղմուկը կը շարունակէր յորդիլ, տարածուիլ գիւղի լուռ ու կապոյտ գիշերին մէջ:
Նկար
0106Aram_Haygaz.JPG