«Երնէկ թէ այս Նոր Տարին
Վերջ տայ հայի ցաւերին
Չարը կորչէր ու բարին
Բոյն դնէր մեր սրտերին»
Գամառ Գաթիպա
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Վերջին երկու տարիներուն, Պսակաձեւ ժահրին պատճառաւ, Իրաքահայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի դասերը հեռակայ կապով՝ zoom-ով կ՛ըլլային։ Երկու տարի է Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօները եւս դպրոցին մէջ եւ ծնողներու ներկայութեամբ չեն եղած, այլ՝ դարձեալ zoom-ով եղան։
Այս տարի սահմանափակումները մասամբ մեղմացած ըլլալով, մեր դպրոցի դասերը դպրոցին մէջ, աշակերտներուն ներկայութեամբ կ՛ընթանան։
Շաբաթ, 18 Դեկտեմբերի առաւօտեան, միայն աշակերտներու (առանց ծնողներու) ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ սքանչելի ծննդեան նուիրուած հոյակապ հանդէսը։
Վարժարանի աննման տնօրէնութիւնը, շնորհաշատ ուսուցչուհիները միայն քանի մը շաբաթներու ընթացքին պատրաստած էին այս փառաւոր հանդէսը։ Այդ օր, հանդիսութեան սրահը եւ բոլոր դասարանները շատ գեղեցիկ ձեւով զարդարուած էին տօնական օրերու պատշաճ նկարներով եւ զարդերով։
Վարժարանի 88 աշակերտ-աշակերտուհիները դասարան առ դասարան հանդիսասրահ մտան տօնական օրերու խմբերգներու կշռոյթներով։
Ապա աշակերտները դասարան առ դասարան ելոյթ ունեցան։ Երեւակայեցէք՝ վարժարանի 88 աշակերտ-աշակերտուհիները, բոլորը անհատապէս եւ խմբային բազմաթիւ արտասանութիւններ կատարեցին, թնդացնելով սրահը, իրենց մանկական գեղեցիկ կատարումներով։ Դժբախտաբար, ձեռնարկին ներկայ չէին ծնողները, որպէսզի իրենց աչքերով տեսնէին իրենց սիրունատես փոքրիկներու ելոյթները։
Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Անահիտ Խաչատուրեան, թէ՛ հանդէսը վարողն էր եւ թէ ամէն ինչին հասնող ու վազող անձն էր, որպէսզի հանդիսութիւնը կատարեալ ըլլայ եւ իրապէս ալ այդպէս եղաւ, անթերի եւ հոյակապ ելոյթներ ունեցան մեր ձագուկները։
Ինչպէս ըսինք, աշակերտները նուազագոյնը 88 երգ եւ արտասանութիւն կատարեցին այդ օր։ Եւ մենք հիացած էինք թէ ուրկէ՞ գտած են այդ բոլոր արտասանութիւնները եւ խօսքերը։ Մեր երիտասարդ ուսուցչուհիները օրեր շարունակ փնտռտուքներ ըրած էին Google-ի միջոցաւ այդ երգերը եւ արտասանութիւնները գտնելու համար։ Այդ օր, Իրաքահայերու ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանի շէնքը, մեր փոքրիկներու կատարումներով փոքրիկ Հայաստան մըն էր։
Տնօրէնուհին եւ ուսուցչուհիներ Սուսանա Դաւթեան, Տաթեւ Կարապետեան, Նելլի Մետոյեան, Լուսինէ Պայպուրթեան եւ Թագուհի Կարապետեան, իրենց հերթապահներով տարած էին մեղուաջան աշխատանք, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք զանոնք, մաղթելով, որ նման երիտասարդներու ներկայութիւնը անպակաս ըլլայ հայ ընտանիքներէն, մեր ազգէն ու հայրենիքէն։
Վերջաւորութեան հասաւ Ձմեռ Պապիկը (Կաղանդ Պապան) ծանրաբեռնուած իր նուէրներով, երգով, պարով, շախով-շուխով հանդիսասրահ մտաւ ու աշակերտութեան լիաթոք բացագանչութիւններով եւ երգերով դիմաւորուեցաւ։ Աշակերտները Ձմեռ Պապիկին հետ հայկական պարեղանակներու եւ երգերու կշռոյթներուն վրայ պարելով՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ, որմէ ետք փոքրիկները դասարան առ դասարան Ձմեռ Պապիկին մօտենալով՝ ստացան իրենց նուէրները։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ։ Բոլոր փոքրիկները անմոռանալի ժամեր ունենալէ ետք, մեկնեցան երեք շաբաթ ետք դպրոց դառնալու համար։ Հանդիսութենէն ետք, տնօրէնութիւնը եւ բոլոր ուսուցչուհիները հաւաքուեցան միասին ճաշելու համար, որ պատրաստուած էր տնօրէնութեան եւ ուսուցչուհիներուն կողմէ։ Մօտ մէկ ժամ ուսուցչուհիները բաժակաճառերով, արտասանութիւններով ու շատ գեղեցիկ երգերու կատարումով, միասնաբար տօնեցին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։
Մեր սրտագին աղօթքն ու մաղթանքն է, որ գալ տարին, համայն աշխարհի ժողովուրդներուն, բայց մանաւանդ՝ մեր թանկագին մայր հայրենիքին Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ, երջանիկ եւ ուրախ օրեր աշխարհատարած մեր ժողովուրդին, Հայաստանի պետական այրերուն իմաստութիւն տայ, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ուրախ եւ երջանիկ օրեր պարգեւելու համար։ Նաեւ, մեր դպրոցի բոլոր նուիրեալներուն ուժ եւ կորով շնորհէ շարունակելու ազգակերտման այս սուրբ գործը ու մեր դպրոցի վարչական անդամներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, իրենց ընտանիքներուն՝ անամպ երկինք եւ կանաչ ճանապարհ։
«Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի»