ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարեցին բարդ առաջադրանքները՝ այդտեղ կայունացնելով կացութիւնը։ «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին այս մասին արտայայտուեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու։
«Մենք յաջողեցանք հանդարտեցնել այնտեղ տիրող կացութիւնը, այժմ քայլերու կը ձեռնարկուին ծրագրային աշխատանքներ կատարելու ուղղութեամբ։ Արդէն կրնանք ըսել ծրագրային, որովհետեւ կեանքը աստիճանաբար կը վերադառնայ։ Հետզհետէ կը տիրէ առաւել խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն», յայտնեց Շոյկու։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հրամանատարներուն, զինուորներուն` Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ անոնց մատուցուած ծառայութեան համար։
«Այն, ինչը մէկ տարի առաջ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, երբ կացութիւնը ծայրայեղ ծանր էր, գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութեան ջանքերուն, 24 ժամեայ դրութեամբ աշխատանքի շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթահարել», հաստատեց Շոյկու։
Շոյկու Անդրադարցաւ … Աս թերթը հապա սրբագրիչ չունի՞: Ես շատ լաւ հայերէն չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ որ կըգրուի դարձաւ: Ամօթ է, ամօթ: Իմ գրածներս թերթին մէջը չեն դրվիր, թերթին մէջ դրուածը ասանկ սխալով պէտք չէ որ ըլլայ: