Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր Քարոզներ»ը՝ թարգմանութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին:
Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք, բովանդակութեան իմաստով, պարզ քարոզախօսական գրութիւններ չեն, այլ կը շօշափեն զանազան նիթեր, ինչպէս՝ իմաստասիրական, հոգեբանական, աստուածաշնչական, վարքաբանական, այլաբանական, խորհրդաբանական, ընկերաբարոյական, խրատաբանական եւ դաստիարակչական:
Հատորին ճամբով ընթերցողը ոչ միայն կը սորվի սուրբին ունեցած կարողութիւններուն եւ իմաստութեան մասին, այլեւ կը ստանայ կեանքի զանազան փորձութիւնները դիմագրաւելու գաղտնիքը:
Հատորը ստանալու համար դիմեցէք կաթողիկոսարանի գրատունը կամ առցանց՝ այցելելով www.ciliciabookstore.com կայքը: