
Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տաճատ Ծ․ վրդ․ Եարտըմեանի կողմէ իրականացուած՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանի արեւմտահայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը, որուն եկած էին մասնակցելու բազմաթիւ հաւատաւոր եւ ընթերցասէր հայորդիներ։
Ձեռնարկի բացումը եւ հանդիսավարութիւնը գեղեցիկ կերպով կատարեց Գէորգ քհնյ․ Աբեան, որ բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք համապարփակ ձեւով ներկայացուց հեղինակը եւ անոր կողմէ կատարուած մեծածաւալ թարգմանական աշխատանքը։ Տէր հօր բանաձեւումներէն ակնյայտ էր, որ ան խորքային իմաստով ծանօթացած էր հայր սուրբի ներաշխարհին։
Բացման խօսքէն ետք, երեկոյին իր քաղցրահունչ երգ ու տաղով հոգեզմայլ եւ հաճելի պահ մը պարգեւեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդենաց Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Րաֆֆի սրկ․ Միքայէլեանի։
Ապա խօսքը տրուեցաւ օրուան բանախօս եւ թարգմանութեան հեղինակ Տաճատ Ծ․ վրդ Եարտըմեանին, որ նախ իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանին՝ գրքի հրատարկութեան եւ այսօրինակ գեղեցիկ շնորհահանդէսի կազմակերպման համար, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց Նարեկացիի աղօթամատեանին իր կատարած թարգմանութեան ընթացքը, որ տեւած է շուրջ քսանվեց տարիներ։
Հայրը սուրբը իր խօսքին մէջ ամենայն խորութեամբ եւ մանրամասնութեամբ ներկայացուց աղօթամատեանի նիւթը՝ ներկաներուն փոխանցելով բաւականին արժէքաւոր եւ ուսանելի տեղեկութիւններ։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ յաղթահարուած այն դժուարութիւններուն՝ յատկապէս լեզուական որոշ կառոյցները հասկանալի դարձնելու առումով, որոնք ի յայտ եկած էին թարգմանութեան ընթացքին։
Հուսկ, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ բարձր գնահատեց հայր սուրբին կատարած ոչ միայն այս աշխատանքը, այլեւ այն բոլոր գիտական աշխատութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները, զորս ան կատարած է տարիներու ընթացքին։ «Հայր սուրբը թանկ ու սիրելի է մեզի համար, իր հոգեւորականի փոյթեռանդ դիմագիծով, բազմաջան ու անձնուրաց մտաւորականի ազնիւ կերպարով, այլեւ երեւելի վաստակով՝ հայագիտական եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ», իր խօսքին մէջ ըսաւ սրբազանը ։
Իր խօսքի վերջաւորութեան, սրբազանը առանձնացուց աղօթամատեանի կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանը բառերով հասկնալը անհնար է, այն կարելի է ըմբռնել միայն, իբրեւ հոգեթովիչ աղօթք եւ վերջապէս աղօթամատեանի մեծագոյն արժէքի ապացոյցը կը փաստուի անորմով, որ մարդկութեան բազմաթիւ սերունդներու վրայ ձգած է անխամր ազդեցութիւն եւ տակաւին կը շարունակէ ճառագայթել՝ համայն մարդկութիւնը խօսակից եւ մասնակից դարձնելով մեծն վարդապետի հոգիի եւ սիրտի թռիչքին։
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ