ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Այսօր կը տարբերին ցեղասպանութիւններ գործելու մեթոտները եւ ձեւերը, սակայն ցեղասպանութիւնը արդարացնողներուն մօտ չէ փոխուած զանգուածային ոճրագործութիւններու միջոցով աշխարհաքաղաքական նպատակներու հասնելու ձգտումը: Այս մասին կը նշուի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յայտարարութեան մէջ:
Ընդգծելով, որ 2015ին Հայաստանի ջանքերով ՄԱԿի միջազգային օրերու ցանկին մէջ 9 Դեկտեմբերը ճշդուեցաւ իբրեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան ու այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ Հայաստանի կողմէ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ 2020ին առաջադրուած եւ մեծամասնութեամբ ընդունուած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւին մէջ յստակ կը նշուի, որ ցեղասպանութեան արդարացումը, անցեալի յանցագործութիւններու կանխակալ գնահատումը եւ ժխտումը կ՛աւելցնեն բռնութեան կրկնութեան վտանգը:
Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ այս բանաձեւին մշակման համար կարեւոր օրինակ ծառայած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Ցեղասպանութիւնների կրկնութիւնը բացառելու նպատակով կարեւոր է պատմական յիշողութիւնը, կրթութիւնը ու կատարուածի մասին ճշգրիտ տեղեկատուութեան տարածումը, դատապարտելի՝ մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման դէպքերը, քանի որ հէնց մշակութային ժառանգութիւնն է հնարաւորութիւն ստեղծում պահպանել ազգային կամ կրօնական ինքնութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ ազգային, ցեղային, կրօնական խումբերու նկատմամբ գերակայութեան դրսեւորումները կամ վերջիններուս նկատմամբ ուժի կիրարկման արդարացումները՝ շեշտելով, որ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ աշխատանքները՝ իրազեկելու անցած ցեղասպանութիւններուն, անոնց անպատժելիութեան վտանգներու եւ նոր մարտահրաւէրներու մասին: