ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուելէ ետք, ռուս խաղաղապահներուն կողմէ զոհուածներու 1960 մարմիններ վերադարձուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեղական իշխանութիւններուն: Այդ մասին «Թասս»ին յայտնեց խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար, Ռուսիոյ զինուած ուժերու Հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար Ռուստամ Մուրատով, ըստ որուն, որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին:
Ան նաեւ յայտնեց, որ կը շարունակուին նաեւ գերի տարուած հայ զինուորներու վերադարձին ուղղութեամբ աշխատանքները. մինչեւ օրս ատրպէյճանական կողմի բոլոր զինուորները վերադարձուեցան, իսկ հայ ռազմագերիներու վերադարձի աշխատանքները կը շարունակուին, կայ լաւ դրական բան, կայ ըմբռնում: «Ես կը կարծեմ, թէ այս հարցը պէտք է ամբողջութեամբ փակուի: Ռուս խաղաղապահները վերջ պիտի դնեն այս գործին», շեշտեց Մուրատով՝ աւելցնելով, որ գերիներու վերադարձի աշխատանքը կը նկատուի խաղաղապահի քաղաքացիական պարտք: