ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակութեան հարթակի անդամ երկիրներու առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած՝ մեր նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջարկած «3+3» հարթակի առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 10 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ»:
««3+3» ձեւաչափով կարող ենք հետաքրքրուած լինել, եթէ պարզուի, որ այդ հարթակներում չեն քննարկուելու այնպիսի հարցեր, որոնց վերաբերեալ մենք ներգրաւուած ենք այլ ձեւաչափերում: Այդ հարցը քննարկել ենք մեր գործընկերների, մասնաւորապէս ռուսաստանցի գործընկերների հետ եւ ունենք ազդակ, որ իրենք էլ կիսում են այդ տեսակերտը: Եւ առաջիկայ օրերին, եթէ չեմ սխալւում, Դեկտեմբերի 10ին «3+3» կամ «3+2» ֆորմատի նախանիստի ֆորմատի նման հանդիպում է տեղի ունենալու», 8 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ հարցում- պատասխանի օրակարգին ընթացքին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Հանդիպման պիտի մասնակցին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարները: Թրքական եւ ատրպէյճանական կողմերը պիտի ներկայացնեն Սետաթ Օնալը եւ Խալաֆ Խալաֆովը, իսկ Հայաստան տակաւին չյայտարարեց, թէ իր ո՛ր փոխնախարարը պիտի մասնակցի ժողովին:
Յայտնենք, որ «3+3» ձեւաչափը ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմէն ետք առաջարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու՝ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երեք տէրութիւններու՝ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ բանակցային հարթակ, որ պիտի ընձեռէ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման հնարաւորութիւն: Վրաստան կը մերժէ նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, թէ չի կրնար համագործակցիլ Հարաւային Օսիան եւ Աբխազիան զաւթած Քրեմլինի հետ: Հայաստան կը շեշտէ, որ այդ ձեւաչափը պէտք չէ ներառէ հարցեր, որոնք արդէն համաձայնեցուած են կամ կը քննարկուին ուրիշ հարթակներու վրայ, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
3+3 meeting Armenia is ALONE facing possible Iran volt-face for
having transit access VIA Azerbaijan, with Georgian Approval.
Armenia’s future, Strongly Sabotaged, by Pro Bolshevik Opposition
PREVENTING any positive ,OR, pro Armenia Subject DISCUSSION
IN PARLIAMENT, only ACCUSATIONS, 10 months, forcing IMMEDIATE
RESIGNATION OF ALL “ELECTED”, TO REPLACED WITH TRANSITORY
GOVERNMENT TO RESTORE LEGACY IN ALL SECTIONS FIRST, AND
Start new free election of parliament. COMPLETING IRAN BORDER
TO END OF SUNIK 1500 km. PORTION (TO BE FINALIZED 2019) and
RESTORE NORTH – SOUTH PROJECT COMPLETION, SAVE ARMENIA
AS FREE, PROSPER, FULL OF FUTURE GROWTH POSSIBILITY.
But NO, 3 NOTORIOUS ENEMIES PLUS INSIDE SABOTAGING ENEMIES
ARE BLOWING ALL CHANCES–*THIS MUST BE CHANGED FAST*–
TO LET ARMENIA REBIRTH, TO TURN FREE AND PROSPER.
URGENT UNDERSTANDING AND HELP IS REQUIRED FROM DIASPORA.
NEWS ABOUT GENERAL JEFFRY HARIKIAN LIFE ATTEMPT IS SHOCKING
NEWS, PUNISHABLE BY ARMY COURT, accused, instigator relieved, could
bring Unexpected Decisions by relative Authorities.