Նիւ Ճըրզիի միակ ամէնօրեայ հայկական վարժարանը թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձը: 20 Նոյեմբերին, շուրջ 600 ազգայիններ (մեծ մասամբ երիտասարդներ) լեցուցած էին պատմական Legacy Castle հանդիսասրահը, ուր հրաւիրուած էր ժողովրդային երգիչ Արմենջիկը՝ մաս կազմելու յայտագիրին:
Վստահաբար, օրուան անակնկալը եղաւ 10 միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւին արդիւնքը: Էտէլ Յովնանեանի կողմէ 5.5 միլիոն տոլարի նուէրը յայտարարուեցաւ՝ ի յիշատակ Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամին: Հանդիսութեան նախագահ, ծանօթ բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Հերի Թուֆայեանները այս առթիւ վարժարանին նուիրեցին 1.3 միլիոն տոլար:
Իր սրտի խօսքին մէջ, բարերար ամոլին թոռը՝ Կրեկ Նարկիզեան, գնահատեց իր մեծ հօր եւ մեծ մօր առատաձեռնութիւնը՝ ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ յանձնուեցաւ Leaders of Legacy Award-ը: Այս առթիւ պատուըւեցաւ վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի Ազատ Գալայճեան իր տարիներու ուսուցչական վաստակին համար, սկսած Լիբանանէն:
Հանդիսութիւնը կազմակերպած էր երիտասարդութիւնը, որ կը հաւատայ հայ դպրոցի առաքելութեան եւ անոր մէջ մեծ ներկայութիւն կը կազմէին վարժարանի շրջանաւարտները: Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Նազար Ալթուն, իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ հայկական դպրոց պիտի չփակուի մինչեւ այն ատեն, երբ գաղութը գիտէ անփոխարինելի յարգը այդ լուսաւոր դարբնոցին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վարժարանի բարօրութեան:
Հակառակ Հայաստանի եւ աւանդական Հայ Սփիւռքին դիմակալած ալեկոծումներուն, հաստատ հաւատքով այդ երեկոյ ներկաները վերանորոգեցին իրենց խոստումը՝ դառնալու օգտակար հայ վարժարանին:
«ՊԱՅՔԱՐ»
Գնահատելի ձեռնարկ եւ երիտասարդութիւն: Վարձքերնիդ կատար: Անպայման անմահ պիտի մնայ մեր պատուարը՝ Այբուբենը եւ Հայ դպրոցը, քանի ունինք գիտակից հայութիւն եւ գիտակից ու աշխոյժ երիտասարդ սերունդ: Յուսանք իրենց զաւկներն ալ նոյն ձեւով կը միծցնեն, կը մեծնան: Շնորհակալութիւն
Յուսանք ուրիշ գաղութներ ալ նոյն օրինակին կը հետեւին: Դպրոցին գոյատեւումը առանց ազգի զաւակներուն անսակարկ լումային անկարելի պիտի ըլլայ: