ԼՈՆՏՈՍՆ.- Ամերիկացիները Հիւսիսային Քորէան եւ Իրանը կը նկատեն երկրին գլխաւոր հակառակորդները, մինչդեռ ամէնէն անբարեացակամ երկրի տիտղոսը մնացած է Ռուսիան, կը գրէ The Economist թերթը՝ հիմնուելով YouGov վերլուծական ընկերութեան հարցախոյզի արդիւնքներուն վրայ:
Հարցախոյզի մասնակցողներուն 55 տոկոսը Բրիտանիան նկատած է Ամերիկայի հիմնական դաշնակիցը, իսկ երկրորդ տեղը գրաւած է Գանատան (53 տոկոս), մինչ երրորդ դիրքի վրայ են Ֆրանսան եւ Իսրայէլը (38 տոկոս):
Ամերիկացիները իրենց համար բարեկամ երկիրներու շարքին դասած են նաեւ Մեքսիքան, Գերմանիան, Ճափոնը, Թայուանը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քորէան: