ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի Սուր գաւառի հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտուած են, կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:
17րդ դարու վերջերը կառուցուած Սուրբ Յովսէփ եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր շրջանին մէջ 2015ին տեղի ունեցած թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները իրականացուց Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը:
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիյեան Կիրակի օրը օծեց նորոգուած եկեղեցին, որմէ ետք շուրջ 100 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով այնտեղ պատարագ մատուցուեաւ:
Նշենք, որ վերանորոգումէն ետք, եկեղեցին կրթական եւ մշակութային նպատակներով 10 տարիով յատկացուեցաւ Տիճլէի համալսարանին՝ պայմանով, որ հայ համայնքին իրաւունք տրուի անոր մէջ կրօնական արարողութիւններ կատարելու: