ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 12 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30ի շուրջ, Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը արձակեց կրակոցներ, որոնք տեւեցին 10-15 վայրկեան: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ նշելով, որ հիմնականին մէջ կիրարկուեցան հրաձգային զինատեսակներ:
Պաշտպանը նշեց, որ, ըստ ստացուած պարզաբանումներուն, կրակոցները լսուեցան համայնքի բնակելի հատուածին մէջ, իսկ օգտագործուած զէնքի գնդակները անցան բնակիչներու այգիներ1n:
Կրակոցներուն պատճառով մարդկային եւ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:
«Ադրբեջանական կողմը, խախտելով եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարի դրութիւնը եւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, շարունակում է Արցախի ժողովրդի իրաւունքների դէմ իր յանցաւոր գործողութիւնները՝ ոտնձգելով առաջին հերթին խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքի եւ հոգեբանական ու ֆիզիքական անձեռնմխելիութեան դէմ: Հրադադարի հաստատումից յետոյ բազմիցս յայտարարել ենք, որ նման յանցաւոր գործողութիւններով ադրբեջանական կողմը նպատակ է հետապնդում ահաբեկելու Արցախում ապրող մարդկանց եւ վախի ու յուսալքութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու միջոցով հասնելու Արցախի հայաթափմանը: Ադրբեջանական կողմի յանցաւոր գործողութիւնները զսպելու եւ դրանց կրկնութիւնը բացառելու, ինչպէս նաեւ բնակիչների անվտանգութեան եւ իրաւունքների պաշտպանութեան համար շարունակում է խիստ անհրաժեշտութիւն մնալ ադրբեջանական զինուած յենակէտերի անյապաղ հեռացումը Արցախի խաղաղ բնակավայրերի հարեւանութիւնից եւ հրադադարի խախտման դէպքերի անաչառ հետաքննութեան մեխանիզմների (գործիքակազմերու) ներդրումը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:
Նշենք, թէ Պաշտպանութեան բանակը ոչ մէկ տեղեկութիւն հաղորդեց: