ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Դեկտեմբերին Շուէտի մէջ սկսաւ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախեան տագնապին: ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտըն հաստատեց, որ ԵԱՀԿը պատրաստ է նպաստել Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածաշրջանային համագործակցութեան, եթէ երեք երկիրները համապատասխան պայմանաւորուածութեան հասնին:
Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կազմակերպութեան յուշած է, որ իրավիճակը մնայուն կերպով պէտք է պահել տեսադաշտի մէջ: «Կը կարծեմ, թէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, կրնայ փոխշահաւէտ ըլլալ: Անդրկովկասի հարցերու իմ յատուկ ներկայացուցիչը պատրաստ է նախաձեռնելու անհրաժեշտ միջոցներու՝ աջակցելու այդպիսի համագործակցութեան, եթէ երեք երկիրները նման որոշում տան», յայտնեց Լինտըն:
Եւրոպական Միութեան ապահովութեան քաղաքականութեան եւ արտաքին հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտնեց, որ միութիւնը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող քայլերուն: «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ պահպանել զինադադարը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան հաստատման վերաբերող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի աշխատանքներուն», դիտել տուաւ եւրոպացի գործիչը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն վերաբերող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները որդեգրեցին յայտարարութիւն մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գծով:
«ԵԱՀԿի ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի համանախագահող երկիրները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ որդեգրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նաեւ ողջունեցին Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը: Անշուշտ, մենք կը փափաքէինք այս նստաշրջանին տեսնել աւելի յագեցած արդիւնքներ, որոնց կարգին նաեւ քաղաքական հռչակագիրը, որ արդէն 10 տարի է կարելի չեղաւ յաջողցնել», յայտնեց Լաւրով:
Ըստ անոր՝ «բոլորը կը փորձեն հռչակագիրը յագեցնել իրենց մանր հարցերով կամ այս կամ այն տագնապին վերաբերեալ առանձին յղումներով»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, իսկ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Մայիսէն ի վեր ներխուժած են եւ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:
Ան շեշտեց, որ Պաքու կ՛ոտնահարէ վերջին պատերազմէն ետք՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ բախումները դադրեցնելու եւ գերիները ազատ արձակելու գծով:
«Որեւէ բացատրութիւն չի կարող արդարացնել այս բռնի գործողութիւնները», ըսաւ նախարարը՝ յոյս յայտնելով, որ նախորդ շաբաթ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պայմաններ կը ստեղծեն իրավիճակի թուլացման եւ լարուածութեան մեղմացման:
Իր կարգին խօսք առաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ յայտարարեց, թէ՝ իբր թէ, շուրջ 30 տարի տեւած ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է: «Նախարարներու խորհուրդի նիստը կը գումարուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեան առաջին ամեակին: Յայտարարութիւնը վերջ դրաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ որոշեց կայուն խաղաղութեան վերականգնման չափորոշիչները: Այս յայտարարութիւնը համալրուեցաւ 11 Յունուար 2021ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ, որ կը նախատեսէ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում: Շուրջ 30 տարի տեւած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւարտած է», շեշտեց Պայրամով: