Արա Խանճեան
Նոյեմբեր 17ին, Վիեննայէն ետք Աւստրիայի երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքը՝ Կրազի (մօտաւորապէս 300,000 բնակչութիւն ունեցող) քաղաքապետական խորհուրդը Աւստրիայի Համայնավար կուսակցութեան, (ԱՀԿ) անդամ Էլքէ Գահրը ընտրեց քաղաքապետ։ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն ԱՀԿը ստացաւ ամէնէ շատ քուէները։ Մինչեւ Նոյեմբեր, ԱՀԿ կրցաւ համոզել «Կանաչներ» կուսակցութեան, այսինքն բնապահպաններու, եւ Աւստրիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան, այսինքն ընկերվարականներուն, որպէսզի քաղաքապետի ընտրութեան ընթացքին քուէարկեն ի նպաստ ԱՀԿի անդամ Էլքէ Գահրի։

Այս արդիւնքը զգայացունց է, քանի ընդհանրապէս համայնավարներու հանդէպ կայ ժխտական կեցուածք։ Հետեւաբար հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչ էր գաղտնիքը, որուն պատճառով աւստրիացի քուէարկողները այդքան շատ քուէներ տուին Համայնավար կուսակցութեան։ Արդեօք կա՞ն դասեր որոնցմէ կրնան սորվիլ Աւստրիայէն դուրս գտնուող, ինչպէս՝ Հայաստանի յառաջդիմական, ընկերվարական կուսակցութիւնները։
Գլխաւոր բացատրութիւններէն մէկը Կրազի մէջ Համայնավար կուսակցութեան յաջողութեան, կուսակցութեան ղեկավարներուն կեցուածքն էր ու անոնց գործունէութիւնները։ Օրինակ, Կրազի ԱՀԿի նախագահ, Գալթէնէկըր 1998ին յայտարարեց, թէ իր ամսական աշխատավարձէն միայն 2000 եուրոն պիտի գործածէ որպէս իր անձնական եկամուտը, իսկ իր աշխատավարձին մնացածը պիտի նուիրէ ֆոնտի մը, որ պիտի օգնէ նիւթական դժուարութեան մէջ եղող կրազցիներուն, որոնք չեն կրնար վճարել իրենց բնակարաններուն վարձքերը։ Հետագային, ԱՀԿի քաղաքապետարանի միւս անդամները եւս հետեւեցան իրենց ղեկավարին օրինակին եւ տարիներուն ընթացքին ԱՀԿի ղեկավարներ նուիրեցին միլիոնաւոր եուրօ այդ ֆոնտին։ Այս նուիրատուութիւնները ոչ միայն օգնեցին Կրազի ժողովուրդին, այլ նաեւ բարձրացուցին ԱՀԿի ժողովրդականութիւնը եւ 2003ի Կրազի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն, ԱՀԿն ստացաւ քուէներուն 20․9 տոկոսը, փոխանակ 1998ին իր ստացած 7․9 տոկոսին, իսկ 2021ին ստացաւ ամէնէն շատ քուէները։ Իրենց կեցուածքով, Կրազի համայնավարները շահեցան հազարաւոր քուէարկողներու վստահութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, քաղաքականօրէն եւ գործնականօրէն, Կրազի ԱՀԿն ինքզինքը հեռացուց ճնշող եւ ոչ-ժողովրդավար Համայնավար կուսակցութիւններէն, ինչպէս Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի կուսակցութիւններէն։ Նաեւ Կրազի ԱՀԿն շեշտը դրաւ դրական գործունէութիւնները վրայ, ինչպէս՝ ընկերային արդարութեան եւ բնութեան պաշտպանութեան ապահովում, եւայլն։
Եթէ համայնավարներուն նման չսիրուած կուսակցութիւն մը կրնայ ընտրուիլ Կրազի մէջ, Հայաստանի մէջ ալ ընկերվարականները պէտք է կարենան ընտրուիլ, հետեւելով Կրազի ԱՀԿի ղեկավարներուն օրինակին եւ ժողովուրդին անմիջական շահերը պաշտպանող կուսակցութեան գործունէութեան։ Կրազի ԱՀԿն ցոյց տուաւ, որ եթէ ուրիշ երկիրներու, մէջը ըլլալով Հայաստանի, ընկերվարական եւ յառաջդիմական կուսակցութիւնները ուղղակիօրէն կապ հաստատեն ժողովուրդին հետ, որոնց շահերուն պաշտպանը կը յաւակնին ըլլալ, եւ պայքարին ընկերային, տնտեսական, քաղաքական հարցերու համար, որոնք անմիջականօրէն ազդեցութիւն ունին ժողովուրդին հետ, կրնան շահիլ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ ի վերջոյ՝ անոնց քուէները։
Բնականաբար Աւստրիան տարբեր է Հայաստանէն, սակայն Հայաստանի մէջ ալ եթէ քաղաքապետ մը կամ գիւղապետ մը, ինչպէս Տաւուշի շրջանի Բաղանիս գիւղին երիտասարդ, ՀՅԴական, գիւղապետ Նարեկ Սահակեանը, լաւ կերպով ծառայէ ժողովուրդին, կրնայ շահիլ անոր վստահութիւնը եւ քուէները։ Գիւղապետ Սահակեան ընտրուեցաւ Հոկտեմբեր 2012ի եւ անցնող 9 տարիներուն ծաղկեցուց Բաղանիսը, բարելաւելով ճամբաները, ջուրի մատակարարումը, մանկապարտէզը, եւայլն, եւայլն, որուն պատճառով ընտրութիւններուն ստացաւ գիւղի ժողովուրդին վստահութիւնը եւ քուէները։