ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 16 Նոյեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը (PAC-WUSA) հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան, դոկտոր Արման Թաթոյեանի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին Թաթոյեան ներկայացուց մարդասիրական ճգնաժամը, որ յառաջացած է Սիւնիքի մարզի արեւելեան սահմանին վրայ Ատրպէյճանի զանգուածային յարձակումին պատճառով: Ատրպէյճան փորձեց խախտել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Անիկա նաեւ ուրուագծեց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումները, քննարկեց սահմանային անվտանգութիւնը եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու անօրինական տեղակայումը Հայաստանի համայնքներուն միջեւ ճանապարհներու, որոնք կը վտանգեն մարդոց կեանքը եւ բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ ապօրէն կերպով գերիներ տանիլը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ կառուցողական քննարկման այն դերին մասին, զոր կրնան ունենալ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները եւ համայնքները՝ օգնելով ապահովելու հայրենիքի ապագան:
Դոկտոր Թաթոյեան հրաւիրուած է Արեւմտեան Ամերիկա Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին, համագործակցելու համայնքի ղեկավարներու, ընտրուած պաշտօնեաներու, ակադեմիական շրջանակներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ քննարկելու տարածաշրջանի վերջին զարգացումները։
Արման Թաթոյեան ստացած է LLM եւ Մագիստրոսի կոչում Երեւանի Պետական համալսարանի Քրէական դատավարութեան եւ քրէագիտութեան ամպիոնէն։ Ան մագիստրոսի կոչում ստացած է Փենսիլվենիոյ համալսարանի Իրաւաբանական բաժանմունքէն: 2016ին Թաթոյեան ընտրուած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (Ombudsman): Ան նաեւ ծառայած է՝ իբրեւ ժամանակաւոր դատաւոր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, մշտական միջազգային խորհրդական՝ Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան գլխաւոր տնօրինութեան եւ դասախօս է Երեւանի Պետական համալսարանին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Հայաստանի Արդարադատութեան ակադեմիոյ մէջ: Ան նախապէս պաշտօններ ստանձնած էր Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան (2013-2016) մէջ եւ եղած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ Հայաստանի կառավարութեան փոխներկայացուցիչի (2013-2016): Ան նաեւ ներգրաւուած եղած է Հայաստանի համար օրէնքներու եւ ռազմավարութեան մշակման աշխատանքային խումբերուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը հիմնուած է 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ եւ բաղկացած է հայ համայնքը ղեկավարող 25 կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններէ։ Խորհուրդին միջոցով այս կազմակերպութիւնները կը ձգտին իրականացնել կազմակերպութեան առաքելութեան յայտարարութիւնը՝ իրականացնել համահամայնքային բնոյթի ծրագիրներ, խրախուսել եւ աջակցիլ ծրագիրներու, որոնք յառաջ կը մղեն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքներուն հաւաքական շահերը եւ իրաւունքները, քայլեր ձեռնարկել՝ դիմակայելու հայութեան հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն հակասող գործողութիւնները եւ ջանքերը, հաւաքել եւ կիրառել հայ համայնքի միջոցները՝ ի շահ համայնքի շահերուն, ինչպէս նաեւ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միշտ զգոյշ ըլլալ հայ համայնքի հաւաքական առողջութեան եւ պաշտպանութեան նկատմամբ։