ԿՐԵՆԻԹ ՊԷՅ, Քալիֆորնիա․- Այտա Էքմէքճեանի եւ Ալի Սահապիի կազմակերպութեամբ, 10 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 4-6, Կլենտէյլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումին ի նպաստ ձեռնարկ մը։
Տեղեր ապահովելու եւ մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել Nataliby@Hotmail.com հասցէին կամ (916) 396-9738 թիւին:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամներն են՝ նահանգային ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա Էլենա Տուրազօ եւ Էնթընի Փորթանթինօ, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ՝ Լիսա Քալտերոն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ատրին Նազարեան եւ Լուզ Ռիվազ։