ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրադարձութփիւնները, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Ըստ ռուսական կողմին՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Պոլսոյ մէջ Երկուշաբթի օր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Սետաթ Օնալի հետ:
«Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարունակին մէջ, նշուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու շարունակական իրականացման կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորսագռութեան մէջ:
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարները կարեւոր նկատեցին մեկնարկը տարածաշրջանային նոր ձեւաչափին՝ 3+3-ի, որուն միջոցաւ կ՛առաջարկուի ներառել Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները եւ անոնց երեք գլխաւոր դրացիները՝ Իրանը, Ռուսիան ու Թուրքիան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ նոր հարթակը կը բնորոշէ՝ իբրեւ «տարածաշրջանային խորհրդատուական համակարգ», ընդգծելով զայն օր առաջ գործի մղելու անհրաժեշտութիւնը: