ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Հետք».- 15 Նոյեմբերի կէս գիշերէն սկսեալ, Կապան-Ճակատէն ճամբու ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ սահմանային եւ մաքսային հսկողութիւն իրականացնելու նպատակով ատրպէյճանական կողմը արդէն անցակէտ տեղակայեց: Լուրը կը հաղորդէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:
«Համապատասխանաբար հայկական կողմը հայելային եղանակով նշուած աւտոճանապարհին նոյնպէս կը տեղակայի սահմանային ու մաքսային հսկողութեան կէտեր: Տուեալ հատուածում այլընտրանքային աւտոճանապարհը պատրաստ կը լինի մինչեւ սոյն տարեվերջ», կը հաստատէ ԱԱԾն:
Երեք օր առաջ Հայաստանի իշխանութիւնը յայտարարեց, որ ատրպէյճանական կողմը որոշած է Գորիս-Կապան ճամբուն՝ իր հսկողութեան տակ եղող հատուածին մէջ մաքսային ու անձնագրային հսկողութիւն իրականացնել նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ բեռներու նկատմամբ: Ատրպէյճան Օգոստոսէն ճամբու այդ հատուածին մէջ տուրք կը գանձէր իրանցի վարորդներէ:
Հայաստան նաեւ յայտարարեց, որ ինք նոյնպէս, ըստ անհրաժեշտութեան, մաքսային, անձնագրային հսկողութեան կէտեր պիտի տեղադրէ:
«Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ներքին Հանդի վարչական ներկայացուցիչ Խաչատուր Բաղդասարեան ըսաւ, որ ասիկա ակնկալելի էր։ «Որոտանից յետոյ անսպասելի չէր ճանապարհի փակումը: Որոտանը որ փակեցին, մենք էլ սպասում էինք, որ մի օր էլ մերն են փակելու», աւելցուց ան:
Անցակէտի տեղակայման յաջորդ առաւօտեան Կապանէն Ներքին Հանդ երթալ փորձած է պաս մը, սակայն չէ կրցած տեղ հասնիլ, գիւղ չէ կրցած հասնիլ նաեւ Կապանէն եկող դպրոցի տնօրէնը:
«Եթէ Կապան գնալու հարց լինի, պէտք է Ծաւ-Մեղրի-Զաջարան-Կապան ճանապարհով գնան: Այդ դէպքում պէտք է մօտ 130 կմ. ճանապարհ անցնեն, մինչդեռ Ներքին Հանդից Ճակատենով դէպի Կապան ճանապարհը 36 կմ. է», դիտել տուաւ Խ. Բաղդասարեան:
Այսօր գիւղը հաց տարած են Ծաւէն, ուր փուռ կայ: Ըստ վարչական ներկայացուցիչին՝ պայմանաւորուածութիւն կայ այդ ձեւով լուծել հացի հարցը: Սակայն լուծման տարբերակ չկայ մարդոց առողջական հարցերու պարագային: «Այսօր եթէ շտապօգնութեան խնդիր լինի, էլի դժուար է: 130 կմ. մինչեւ հիւանդին տեղափոխեն, խնդիր է», յայտնեց ան:
Այս պահուն, այլընտրանքային ճամբան Մեղրիով Կապան հասնիլն է, սակայն կայ նաեւ Ճակատէն-Գեղանուշ-Կապան ուղին, որ, ըստ Խաչատուր Բաղդասարեանի, 1990ականներուն կը գործէր: Եթէ աշխատանք տանին, մարդատար ինքնաշարժները կրնան անցնիլ Գեղանուշի հատուածով:
Սրաշէնի վարչական ներկայացուցիչ Անահիտ Բաղդասարեան ըսաւ, որ սննդեղէնի եւ հացի դժուարութիւններ պիտի ծագին: «Անորոշութիւն է մեզ մօտ: Չգիտենք՝ ինչ է լինելու: Էն օրուանից, երբ թուրքը տեղակայուել է Ճակատենի մօտ, անհանգստութիւն է ստեղծուել գիւղում: Իսկ ճանապարհը փակելու օրը հեռու չէր, սպասում էինք, որ էդպիսի միջադէպեր լինելու են: Էս պահին մենք շրջափակման մէջ ենք», յայտնեց ան:
Ծաւ գիւղի վարչական ներկայացուցիչ Սէյրան Զաքարեան իր գարգին նշեց, որ այս պահուն գիւղի կապը Կապանի հետ անջատուած է, եւ առայժմ միակ ճանապարհը Մեղրիով անցնիլն է, որովհետեւ Գեղանուշի այլընտրանքային ուղին տակաւին պատրաստ չէ:
«Ճանապարհին ուղղակի կանգնել են, փակել: Ռուս սահմանապահ զօրքը եւս տեղակայուած է այդտեղ եւ չի թողնում անցնել: Երկու կողմերն էլ չեն թողնում տեղաշարժ: Իսկ ճանապարհի փակումը, այո՛, սպասելի էր մեզ համար, եւ մենք մտածում էինք, որ այլընտրանքային ճանապարհ պէտք է ունենանք», նշեց Ծաւի վարչական ներկայացուցիչը: