Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Կիրակի օր աւարտեց իր ելոյթները, երբ կատարեց իր 10րդ մրցումը, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Գերմանիան:
Մրցումը վերջ գտաւ արդէն իսկ աւարտախաղերուն իր տոմսը ապահոված Գերմանիոյ յաղթանակով՝ 4-1 արդիւնքով, որ այսպիսով ապահովեց զտումի իր 27րդ կէտը:
Իսկ Հայաստան, որ արձանագրեց 3 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 4 պարտութիւն, 12 կէտով միայն գրաւեց խմբակին չորրորդ դիրքը, նշանակելով 9 կօլեր եւ իր բերդին մէջ ստանալով 20 կօլեր:
Կիրակի օրուան մրցումին, Հայաստանի որբ կօլը նշանակեց խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, 59րդ վայրկեանին, փենալթիով:
Մակեդոնիա, որ Գերմանիոյ ետին գրաւեց երկրորդ դիրքը (18 կէտով), իրաւունք ստացաւ մասնակցելու զտումի յաջորդ հանգրուանին: