ԹԵՀՐԱՆ, «Պլումպըրկ».- Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանի յայտնեց, որ Թեհրան ու Բրիտանիա նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են 1979ին Իրանին չյանձնուած հրասայլերուն համար Թեհրանին 535 միլիոն տոլար վճարելու գծով:
Եւրոպա շրջապտոյտի մեկնած Քանի յայտնեց, որ պարտքի վճարման եւ գումարին վերաբերող հիմնական հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն վճարման ձեւը տակաւին չէ յստակացուած:
1974ին, Իրանի եւ բրիտանական ընկերութեան մը միջեւ ստորագրուած գործարքին համաձայնութեամբ՝ Բրիտանիա Իրան պէտք էր արտածեր առաւել քան հազար բրիտանական հրասայլեր, սակայն Լոնտոն 1979ին՝ Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութենէն ետք, մերժած էր համաձայնութիւնը գործադրել: Բրիտանական իշխանութիւնները ցարդ կը պնդէին, որ իրանեան պաշտպանութեան նախարարութեան դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով չեն կրնար պարտքը վճարել: