ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Յուլիսէն Սեպտեմբեր 2021ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը գրեթէ 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին: Սոյն օժանդակութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած է Direct Relief կազմակերպութան կողմէ:
Direct Relief-ի նուիրած դեղորայքը, բժշկական պիտոյքները եւ ընթերցանութեան ակնոցները առաքուած են Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ռ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոնին՝ Երեւան:
2021ի առաջին տասը ամիսներուն, Հայաստան Արցախ ֆոնտը հայրենիք ուղարկած է 25 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով բժշկական օգնութիւն, ներառեալ՝ COVID-19է վարակուած հիւանդներու խնամքին համար հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղէ, սրտի եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար, առաւել՝ ամբողջ նաւային արկղ մը առողջաբանական (hygiene) պիտոյքներ եւ ընթերցանութեան ակնոցներ:
Անցեալ 32 տարիներուն, Հայաստան Արցախ ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական ֆոնտը Հայաստանին եւ Արցախին հայթայթած են 942 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2512 ծովային արկղերով:
«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուին բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net: