
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան գարնանային 11 շաբաթեայ վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ անոր կը մասնակցին 5 համալսարաններէ 7 խանդավառ ուսանողներ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային սպասարկութիւններու վարիչ Վերժինի Թուլումեան կը տեղեկացնէ, թէ վարժողական ծրագիրին հետեւողները պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Հայ Դատի շարք մը յանձնախումբերու համար։ Անոնք նաեւ պիտի իրականացնեն կարգ մը ծրագիրներ, որոնք զիրենք կը պատրաստեն ըլլալու Հայ Դատի ջատագովներ:
Վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Միքայէլ Դաւիթեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, պատմութիւն), Ժպիտ Մելքոնեան (Կլենտէյլի Համայնքային համալսարան, քաղաքական գիտութիւն), Նարէ Նազարեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, քիմիագիտութիւն), Նորիս Սերոբեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղ, հանրային իրաւագիտութիւն), Սելինէ Աբրահամեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղ, միջազգային յարաբերութիւններ), Տանիէլ Միքայէլեան («Քոլոմպիա» համալսարան, անգլերէն) եւ Միքայէլ Թաթէոսեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ, միջազգային տնտեսագիտութիւն)։
Ամառնային վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի Յունիսին։ Հետաքրքրուողները կրնան այցելել կայքէջը։