ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան վերջերս այցելեց Տիգրանակերտ եւ թուրք-քրտական ընդհարումներուն ընթացքին վնասուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք՝ այցելած է նաեւ Տիգրանակերտի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլուին։
Ըստ պատրիարքարանին՝ Տիգրանակերտի նահանգապետը հետաքրքրուեցաւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքով։ Հանդիպման ծիրին մէջ, գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ, որ եկեղեցւոյ նորոգման աշխատանքները կանոնաւոր կերպով կ՛ընթանան եւ անոնք, շատ հաւանաբար, պիտի աւարտին գարնան։
Նաեւ շեշտուեցաւ, որ կը նախատեսուի եկեղեցին վերաբանալ Սուրբ Յարութեան տօնին՝ Զատիկի օրը։ Ըստ Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան՝ նահանգապետը առաջարկեց վերականգնել նաեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին։ Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պատրիարքը ուսումնասիրած է նաեւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։
Յիշեցնենք, որ 2015ի վերջաւորութեան սկսած թուրք-քրտական ընդհարումներուն ընթացքին Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կրած էր մեծ վնաս։ 2019ին սկսած եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն կ՛աջակցի նաեւ Անգարան։