ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հռոմի Ֆրանսիս պապը Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը պարգեւատրեց Վատիկանի բարձրագոյն` Grand Collar of the Papal Order of Pius IX շքանշանով:
Ըստ նախագահականի լրատուական բաժինին` Արմէն Սարգսեան այս պարգեւին արժանացաւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ ունեցած աւանդին համար, ինչպէս նաեւ իբրեւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան:
Պարգեւը Արմէն Սարգսեանին յանձնեց Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր հարցերու փոխանորդ Էտկար Փենեա Պարա, որ Հայաստան կը գտնուի Երեւանի մէջ Վատիկանի առաքելական նուիրակութեան բացման առիթով:
Արմէն Սարգսեան Հայաստանի մէջ առաջինն է եւ տարածաշրջանին մէջ միակը, որ կ՛արժանանայ Սուրբ Աթոռի բարձրագոյն այս շքանշանին։ «Ես մշտապէս աշխատել եմ` յանուն Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնների: Ուստի ես սա ընդունում եմ` խոստանալով, որ աւելին եմ անելու», ըսաւ նախագահը։