
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
Այսօր (Հոկտեմբեր 15), իր լրումին կը հասնի առաջնորդական իմ ծառայութեան առաջին տարին: Թէեւ անցեալ 365 օրերու ընթացքին մեր հայրենիքին, գաղութներուն, ազգին ու բոլորիս համար աշունն ու ձմեռը աւելի շեշտակի ներկայութիւն դարձան, քան ամառն ու այնքան ցանկալի գարունը, այսուհանդերձ, բոլորս ե՛ւ խնդրեցինք, ե՛ւ փնտռեցինք կենաց բջիջներ եւ լոյսի նշոյլներ, որպէսզի կարենայինք մեր մէջ վառ պահել՝ մեր հոգւոյ է՛ն խորը տեղ մը կախուած եւ միայն մեզի՝ հայոց յատուկ լուսաւորչեան յոյսի կանթեղը: Եւ մենք գտանք զանոնք մեր հաւաքական կամքին մէջ: Կամք, որ կը նշանակէ ապրիլ ու արարել եւ Քրիստոսի անշէջ լոյսով խաւարը հալածել՝ հակառակ մեզ ցնցող բոլոր տեսակի հողմերուն:
Առաջնորդական ծառայութեանս առաջին տարեդարձին առիթով, առաջին հերթին գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ Իր ներկայութիւնը շարայարօրէն կը զգացնէ իմ կեանքիս մէջ:
Երախտագիտութեան խօսք ունիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ վեհափառ գահակալին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն հայրական խնամքն ու հոգածութիւնը յաւելեալ զօրութիւն կու տան իմ առաքելութեան:
Շնորհակալական խօսք ունիմ թեմի հոգեւորական հայրերուն, Ազգային վարչութեան, առաջնորդարանի անձնակազմին եւ բոլոր նուիրեալներուն՝ երեսփոխան թէ հոգաբարձու, բարերար թէ բարեկամ, մեծ թէ փոքր եւ, ընդհանրապէս, համայն հաւատացեալ մեր ժողովրդեան, որոնց գործն ու աղօթքը շարժիչ ուժը կը հանդիսանան առաջնորդական իմ գործունէութեան:
Անցողիկ այս կեանքին մէջ մարդերը թէեւ ի բնէ կատարեալ չեն, բայց կը հրաւիրուին ձգտելու կատարելութեան եւ կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ: Նոյնպէս ալ ես, կատարեալ չըլլալով հանդերձ, անցնող ամբողջ մէկ տարին իմ մարդկային ուժերով փորձեցի հնարաւորինս կատարեալ ծառայութիւն բերել Ձեզի, իմ ազնիւ ժողովուրդ:
Ունիմ միայն մէկ սրտագին մաղթանք. իրարու նկատմամբ մեր փոխադարձ սէրը թող որ պահէ մեզ ոգեղէն միութեան մէջ: